Հինգշաբթի, 1 Փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ժամանակ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանին հարցուցած է, որ ան մօտ մէկ տարի առաջ դիմած էր Սփիւռքին` կոչ ընելով ներդրումներ ընել: Պատգամաւորը հետաքրքրուած է, թէ մէկ տարի անց որքանո՞վ Սփիւռքը արձագանգած է այդ կոչին, եւ ի՞նչ ներդրումներ եղած են:
Ի պատասխան` վարչապետ Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ իր կոչին արձագանգած են. «Մենք վիճակագրութիւնը ձեզի կը ներկայացնենք այս ամսուան ընթացքին, փետրուարին բոլոր նախարարութիւնները հաշուետուութիւն պիտի ներկայացնեն»: Վարչապետը նաեւ աւելցուցած է, որ 2017-ին 856 միլիոնի ներդրում եկած է Հայաստան, որմէ 570 միլիոնը` մասնաւոր հատուածէ: Ատկէ բացի, 190 միլիար ներդրում կատարուած է հէնց մարզերուն մէջ: