Յուլիս 28-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երգ ու պարի դասընթացքի մասնակիցներուն հիւրն էր ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան եւ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցի ղեկավար Թովմաս Պօղոսեան:
Թովմաս Պօղոսեան պատմեց «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան ծաւալած գործունէութեան, շրջագայութիւններուն մասին, խօսեցաւ աշուղական արուեստին, իր կողմէ բացայայտած ստեղծագործութիւններուն մասին, ներկաներուն ոգեւորեց իր երգով եւ գիրքեր նուիրեց:
Սիրուած արուեստագէտին հետ հանդիպումն անցաւ անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներն իրենց հետաքրքրող հարցերը ուղղեցին Թովմաս Պօղոսեանին: