Շաբաթ, 16 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի նորաօծ բացօթեայ Նահատակաց խորանին վրայ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեանի:
Այս տարի խանդավառութիւնը կրկնապատկուած էր, երբ Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ Ս. միւռոնով օծեց նորակառոյց Ս. Նահատակաց բացօթեայ խորանին Ս. Սեղանը, Ս. Աստուածածնայ ու մանուկ Յիսուսի խորանին քանդակը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած խորանները: Խորանի օծումին յաջորդեց մատաղի եւ խաղողի օրհնութիւնը:
Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս, ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Իբրեւ ուխտաւորներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ունի բարի մաղթանք մը, սպասում մը: Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Աստուած մեր բոլորին ուխտը ընդունի: Ս. Մարիամ Աստուածածին միջնորդ է մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ: Սա պահուն, կը խնդրենք Մարիամ Աստուածածինէն, որ բարեխօսէ իր Միածին Որդւոյն մօտ` մեր ազգի կեանքէն հեռացնելու ամէն տեսակ չար ու չարիք, մեղք ու ապականութիւն եւ երկնային շնորհներով մաքրէ ու պայծառացնէ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը: Թող Միջին Արեւելքի մէջ ու աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի ունեցող պատերազմներն ու բռնութիւնները դադրին, եւ խաղաղութեան ու արդարութեան ծիրանին կամար կապէ մարդկային կեանքին վերեւ»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ կատարուող շինարարութիւններուն` յիշելով բարերարները եւ իր գնահատանքը յայտնելով անոնց: Հայրապետական պատգամի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ անունով մկրտեց Պիքֆայայի վանքը:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեանը եւ «Ասպետ»-ի շքանշանով` տէր եւ տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեանը:
Վերջապէս, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին խորհուրդին` ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը:
Յայտնենք, որ «Ուխտի օր»-ուան պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: