Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով խաղողօրհնէք կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

August 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ս. Աստուածածնայ  վերափոխման  տօնին առիթով խաղողօրհնէք  կատարուեցաւ  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։

Յընթացս Ս. Պատարագին, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, օրհնուեցաւ խաղող, որմէ ետք պատարագիչ սրբազանը փոխանցեց օրուան պատգամը։ Բնաբան ընտրելով «Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, փակեալ աղբիւր եւ կնքուած աղբերակ մըն է» (Երգ 4.12) Աստուածաշնչական հատուածը, սրբազանը ըսաւ, որ յաճախ մեր հաւատքի պայքարը մղած ատեն, երբ ծանր նեղութիւններ կը կրենք եւ զանազան ալեկոծումներու կը հանդիպինք, մենք մեզ խոպան, ամուլ եւ անպտուղ ըլլալ կը կարծենք, բայց Տէրը ճիշդ հակառակը կը տեսնէ եւ կը յիշեցնէ մեզի մեր ներսիդին թաքնուած մեր կարողութիւնները, որոնք մեր մէջ բնակող Ս. Հոգիի շնորհքներն են։ Անոնք կը յայտնուին միայն այն ատեն, երբ տառապանքները համբերութեամբ կ՚ընդունինք եւ հաւատքի յօժարութեամբ խաչը կ՚առնենք ու Տիրոջ կը հետեւինք։

Սրբազան հայրը ապա մանրամասնեց «փակուած պարտէզ եւ կնքուած աղբիւր» եզրը։ Ան ըսաւ, որ այո՛, մենք փակուած պարտէզ ու կնքուած աղբիւր ենք, որովհետեւ Աստուծոյ համար պատրաստուած ենք եւ իրմէ բացի ուրիշ ո՛չ ոքի առջեւ իրաւունք ունինք բացուելու, որովհետեւ Ի՛նք է մեր հոգիի միակ Փեսան, որուն իրաւունքն է մտնել մեր սրտի պարտէզը եւ ըմպել անոր սիրոյ աղբիւրէն։

Եզրափակելով իր խօսքը, քարոզիչ սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց Աստուածամօր օրինակով փակուած պարտէզ եւ կնքուած աղբիւր ըլլալու, մեր մէջ կրելով Աւետարանական գետերը, սրբութեան ծառերը, բարեգործութեան պտուղները եւ կեանքի ծառը, որմէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը սնուինք, կը յագենանք, կը նորոգուինք ու կերպարանափոխուած մտածելակերպով ու ապրելակերպով կ՚ապրինք, կը գործենք ու կը վկայենք։

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր տաղաւար տօնի յաջորդող օրը Մեռելոցի յիշատակութեան օր է։ Արդարեւ, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ս. Օծութեան, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն համար։

 

Previous Post

Rudy Giuliani targeted in criminal probe of 2020 US election

Next Post

Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  միաբանութիւնը իր զօրակցութիւնը կը  յայտնէ  հայրենի  մեր ժողովուրդին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.