Ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան տօները առիթ եղած են օգնութեան ձեռք երկարելու նիւթապէս դժուար կացութեան մէջ գտնուողներուն: Այս նպատակէն մեկնելով, վարժարանիս տարբեր կարգերու աշակերտներ նախաձեռնեցին զանազան բարեսիրական քայլերու` օգտակար դառնալու համար կարիքաւոր անձերու կամ ընտանիքներու:
Առ այդ, 8-րդ դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին վաճառքի օր մը եւ անոր հասոյթը յատկացուցին թերաճ մանուկներու «Զուարթնոց» Կեդրոնին: 11-րդ դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին կարկանդակի վաճառքի օր մը եւ անոր եկամուտը տրամադրեցին` աջակցելու համար LBC հեռատեսիլի կայանի նախաձեռնած կարօտեալ երեխաներու նուէրներ ապահովելու ծրագրին: 4-րդ դասարանի աշակերտները այցելեցին ՔԱՀԼ եւ ուրախացուցին հոն գտնուող մամիկներն ու պապիկները: Արուեստից բաժնի աշակերտները կազմակերպեցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն եկամուտը տրամադրեցին Children’s Cancer Center-ին: Մանկապարտէզի աշակերտները օժանդակութեան տուփեր պատրաստեցին եւ զանոնք յատկացուցին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հիմնարկի` կարօտեալ անձերու օժանդակելու ծրագրին: Իսկ 12-րդ դասարանի աշակերտները եւս օժանդակութեան տուփեր պատրաստեցին եւ զանոնք նուիրեցին 25 կարօտեալ ընտանիքներու:
Միւս կողմէ, Ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան տօներուն առիթով դպրոցէն ներս կատարուած տօնակատարութիւնները իւրայատուկ նշանակութիւն կ’ունենան մանաւանդ պզտիկներուն համար: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ կու գան դպրոց, կը հագնին իրենց նոր ու նախասիրած հագուստները եւ անհամբեր կը սպասեն Կաղանդ Պապուկին բերելիք նուէրներուն:
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, աշակերտները սովորական ժամուն եկան դպրոց տօնակատարութեան համար: Առաւօտուն անոնք մասնակցեցան Ս. Պատարագին, զոր համապատարագեցին գերապատիւ հայրեր` Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան: Ապա վարժարանիս երգչախումբը Ս. Ծննդեան երգերու շարան մը հրամցուց աշակերտներուն:
Այնուհետեւ, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները, ուր իրենց դասընկերներուն հետ ճաշակեցին իրենց բերած ուտելիքները, դպրոցին շրջափակէն ներս հնչող երգերու եւ երաժշտութեան կշռոյթներուն տակ պարեցին, երգեցին ու զուարճացան: Կէսօրուան ժամը 12:00ին բոլորը ուղղուեցան սրահ, ուր «Հնուտ Խմբակ»ը աշակերտներուն ներկայացուց շատ գեղեցիկ եւ ճոխ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգեր, պարեր, խաղեր եւ բազմաթիւ անակնկալներ, իսկ Կաղանդ Պապուկը դիմաւորեցին փուչիկին մէջ: Յայտագրին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ վարժարանիս պարախումբի փոքրերու խմբակը:
Այս շատ գեղեցիկ կերպով բեմականացուած յայտագիրը իսկապէս շատ հաճելի էր դիտել, մանաւանդ երբ փոքրիկները ուրախութեամբ կը հաղորդակցէին ու կը պարէին անոնց հետ, եւ կը ստանային իրենց նուէրները: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ այս տօնական մթնոլորտը գոհ եւ զուարթ պահեց վարժարանիս բոլոր աշակերտները եւ անձնակազմը անխտիր, որոնք տուն վերադարձան եւ արձակուրդի մեկնեցան խանդավառութեամբ եւ ուրախ սրտով:
Ս. Ծննդեան եւ ամանորեան զոյգ տօներուն առիթով տնօրէնութիւնս իր աշակերտներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն կը մաղթէ բարեբեր եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի մը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ