6 յունուարին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, զոր մատուցեց եւ անոր ընթացքին քարոզեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճամբայ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է: «Քրիստոսով կը հալին մեղքերը, կը փարատին յուսահատութիւնները, վախը կը դառնայ քաջալերութիւն, թշնամանքը` եղբայրասիրութիւն, բանսարկութիւնն ու զրպարտութիւնը` ուղղամտութիւն ու ճշմարտախօսութիւն, եւ դժուարութիւններու եւ վիշտերու մէջ կը ծագի Ս. Ծննդեան լոյսը` բերելով նոր աշխարհի, նոր կեանքի յոյսն ու տեսլականը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ մերօրեայ բազում մարտահրաւէրներուն` դիտել տալով, որ «մենք ամուր պիտի մնանք ի Քրիստոս մեր հաւատքին մէջ` վերարժեւորելով մեր անցեալը, ընտրելով նորոգութիւնն ու որդեգրութիւնը: Մենք` իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Ծննդեան շնորհառատ այս օրը վերստին կ՛ամրապնդուինք հաստատակամութեամբ, որ աւելի վճռական պիտի ըլլանք քրիստոնէական մեր ինքնութեան վկայութեան մէջ, ազգային մեր կեանքը պիտի կառուցենք սիրոյ, համերաշխութեան հիմքերու վրայ, միաբանուած պիտի ըլլանք մեր հոգեւոր արժէքներով, մեր հաւատքով, մեր սրբազան հայրենիքի, մեր սուրբ եկեղեցւոյ շուրջ: Քրիստոս Իր Ս. Ծնունդով ուղենշեց իրարու եւ Աստուծոյ հետ միաւորուած մնալու մեր ճամբան: Ընթանանք այդ ճամբով` բարեզարդելով մեր կեանքը, կեանքը մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին»:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդը. «Հայցենք միասնաբար, որ նորոգութեան երկնային պարգեւները բարեփոխեն աշխարհը համայն, բարօրութեամբ շէնանայ ժողովուրդներու ու պետութիւններու կեանքը, եւ Աստուծոյ Սուրբ Աջի պահպանութիւնը միշտ հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին, հայրենեաց մեր հերոս պաշտպաններուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, աշխարհասփիւռ մեր ամբողջ ժողովուրդին», եզրափակեց ան: