Կիրակի, 7 Յունուար 2018-ի առաւօտ, Սուրիոյ վարչապետ երկրչփ. Իմատ Խամիս, պետական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին ու պետութեան անունով շնորհաւորեց հայ համայնքը Ամանորին եւ Ս. Ծնունդին առիթով, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։
Պետական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ գիտութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան ու ջրապահեստներու նախարարները, Հալէպի նահանգապետը, կուսակցապետը եւ ոստիկանապետը։
Հանդիպման հայկական կողմէն ներկայ էին Ազգ. երեսփոխանական ժողովի ատենապետ եւ պետական երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգ. Կրօնական ժողովի, ինչպէս նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ։
Վարչապետ Խամիս բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի զարգացման ու վերականգնումին մէջ՝ շեշտելով, որ Սուրիան քաղաքակրթութիւններու եւ կրօնքներու բնօրրանը եղած է պատմութեան ընթացքին ու պիտի պահէ իր գունեղ դիմագիծը։
Իր կարգին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահին ու վարչապետին զօրակցական այս այցելութեան համար՝ դիտել տալով, որ հայ համայնքը հաւատարմութեամբ ծառայեց ու պիտի ծառայէ Սուրիական Հայրենիքի բարգաւաճման, վերականգնումին, որովհետեւ անմասն մէկ բաժինն է այս երկրի ընկերային հիւսուածքին։
Հանդիպումը ընթացաւ բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Սուրիոյ Վարչապետին Յաջորդ Այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Համայնքապետին էր
Սուրիոյ վարչապետ երկրչփ. Իմատ Խամիս, պետական իր շքախումբին հետ այցելեց նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին ու պետութեան անունով շնորհաւորեց հայ աւետարանական համայնքը Ամանորին եւ Ս. Ծնունդին առիթով։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեւցոյ «Փօլատեան» սրահին մէջ։
Հանդիպման Հայ Աւետարանական համայնքէն ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմնի անդամները, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան Կեդրոնական Մարմնի Սուրիոյ բաժինի անդամները, ինչպէս նաեւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիպման ընթացքին Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան բարձր գնահատեց վարչապետ Իմատ Խամիսի այցելութիւնը եւ դիտել տուաւ, թէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ինչպէս անցեալին, նաեւ պատերազմի տարիներուն, ի հեճուկս իր դիմագրաւած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն եւ տագնապալի իրավիճակին, մնաց կանգուն եւ կառչած Սուրիական Հայրենիքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցական թէ ազգային կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով միշտ գործեց եւ կը շարունակէ գործել անկողմնակալ կեցուածքով, առաջնորդուած մեր ժողովուրդի նկարագրին յատուկ սկզբունքներով՝ դրական ներկայութեամբ:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, թէ ազգային երկխօսութեան արդիւնքը կ՛ըլլայ երկրի մը ապագայ ուղղութիւնը նախապատրաստող, առաւել «բազմակարծիք և ժողովրդավարական» պետութեան կառուցման միջոցով: Իբրեւ Իլսամ-Քրիստոնեայ ազգեր՝ մեր կենցաղի, լեզուական եւ մշակոյթի տարբերութիւններով հանդերձ, իրար քով համախմբուելու եւ մէկտեղելու ուժականութիւնը ունինք, ի գործ դնելու ամէն կարելիութիւն երկրիս խաղաղութեան համար: