Ուսումը ամենաազդու զէնքն է, յաղթահարելու կեանքի անանցանելի խոչընդոտները։
Այս սկզբունքէն մեկնած , Քուէյթահայ գործարար եւ բարերար՝ Տիար Կիրակոս Գույումճեան, Ուրբաթ 23 Յուլիս 2021ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, «Ս. Ներսէս Շնորհալի»ի մրցանակը յանձնեց, այս տարեշրջանին Պաքալորիայի առաջին հանդիսացած ուսանող՝ Ռաֆֆի Թաշճեանին:
Հանդիսութեան ներկայ էին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Արժ․ Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քէհեայեանը, Տիար Կիրակոս Գույումճեանը, Թեմական Խորհուրդի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ք.Ա.Վ.-ի Տնօրէնութիւնն ու Հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի, 12րդ կարգի «Արցախ» սերունդի առաջնակարգ աշակերտ՝ Ռաֆֆի Թաշճեանը, իր ծնողքին ընկերակցութեամբ։
Նշենք, որ այս մրցանակը, որ 2017-ին պաշտօնապէս հիմնադրուած է, Պրն․ Կիրակոս Գույումճեանին կողմէ՝ (1000 քուէյթեան տինար) կը յանձնուի Քուէյթի պաքալորիայի պետական քննութիւններուն Ազգային Վարժարանի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ ուսանողներուն: Մրցանակին նպատակն է՝ խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ոգին:
Այս առիթով քաջալերական խօսքեր արտասանեցին՝ Վարժարանիս Տնօրէն՝ Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեանը, Պրն. Կիրակոս Գույումճեանն ու Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, մաղթելով Ռաֆֆիին նորանոր նուաճումներ։
Օրուան մրցանակակիր՝ Ռաֆֆին այս առիթով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը վարժարանին ու բարերարին։