Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վալանսի «Արմէնիա» Միութեան Նախաձեռնութեամբ Կայացած Է «Հայաստանի Խոհանոցը» Գիրքի Շնորհանդէսը

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
Վալանսի «Արմէնիա» Միութեան Նախաձեռնութեամբ Կայացած Է «Հայաստանի Խոհանոցը» Գիրքի Շնորհանդէսը

 Ուրբաթ, 12 Յունուարին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի «Արմէնիա» միութիւնը  Պուրկ-լէ-Վալանսի «Jean Moulin» սրահին մէջ կազմակերպած էր «Cuisine d’Armenie» («Հայաստանի խոհանոցը») գիրքի շնորհանդէսը` մասնակցութեամբ գիրքի հեղինակներ քոյր եւ եղբայր Ռիշար եւ Կորին Զարզաւաջեաններու:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Արմէնիա» միութենէն, «Cuisine d’Armenie» («Հայաստանի խոհանոցը») գիրքը մեծ աղմուկ  հանած է Ֆրանսայի մէջ, ներկայացուած Ֆրանսայի հեռուստատեսութեամբ, ռատիոյով եւ թերթերով:

Ռիչարտ Զարզաւաջեան France 2 հեռուստաընկերութեան լրագրող է, իսկ Կորին Զարզաւաջեան, որ վերջերս Հայաստան  այցելած էր, դերասանուհի է:

Գիրքը կը պարունակէ հայկական շուրջ 100 ճաշատեսակ` լուսանկարներով եւ բաղադրատոմսերով: Այն մեծ համբաւ կը վայելէ Ֆրանսայի մէջ եւ արդէն վաճառուած է գիրքի  քանի մը հազար օրինակ:

Երեկոյին ներկայ էին 80-է աւելի մարդիկ, որոնց շարքին էին Վալանսի հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Վալանսի եւ Պուրկ-լէ-Վալանսի քաղաքապետարաններու անդամներ:

«Արմէնիա» միութեան նախագահ, լրագրող-ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզայեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն` գրական երեկոյին ներկայ ըլլալու համար:

Այնուհետեւ Ռիշար եւ Կորին Զարզաւաջեանները ներկայացուցին գիրքը, պատասխանեցին ներկաներու հարցերուն եւ մակագրեցին գիրքերը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն: Գրիգոր Ամիրզայեան ներկաներուն հրաւիրեց ճաշակելու հայկական կերակրատեսակներ եւ գինի:

Յաջորդ օրը`   Շաբաթ, 13 Յունուարին, «Cuisine d’Armenie» («Հայաստանի խոհանոցը») գիրքի շնորհանդէսը կայացաւ Վիեն քաղաքի «Lucioles» գրադարանին մէջ եւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող հայկական «Les Frangins» ճաշարանին մէջ: Նոյն օրը գիրքը ներկայացուեցաւ Լիոնի «Bahadourian»  հայկական հաստատութեան մէջ, որ կը գտնուի «Halles de Lyon» կեդրոնին մէջ:

Previous Post

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ Պիտի Հանէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Հարցը

Next Post

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թէոդորոս Բ. Պատրիարքին Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.