Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ -303
Արեւմտահայ գրող, խմբագիր, բանասէր, պատմաբան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցական գործիչ Վահէ Հայկ, բուն անունով Վահէ Մկրտիչ Տինճեան, ծնած է 1896-ին Խարբերդ: Տեղւոյն ծխական դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է Եփրատ Գոլէճը, որ յաջողութեամբ աւարտած է: 1915-ին Վահէ Հայկ կը մեկնի Պոլիս: Գրական ասպարէզի մէջ կը սկսի հանդէս գալ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Պալսահայ մամուլին որոշ ժամանակ աշխատակցելէ յետոյ, 1922-ին կը մեկնի Յունաստան եւ ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Պոսթընի համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւաբանութեան եւ գրականութեան դասընթացքներու: Աւարտելէ ետք աշխատանքի կ’անցնի ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ: Կը հաստատուի Գալիֆորնիա: 1922-1925-ին “Նոր Օր” պարբերականին գլխաւոր խմբագիրն էր: Աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին, հրատարակելով պատմուածքներ եւ նորավէպեր, որոնք հետագային լոյս ընծայած է “Հայրենի Ծխան” ընդհանուր խորագիրը կրող հինգ ժողովածուներով 1930- 1970 տարիներու միջեւ: Վահէ Հայկ պատրաստած է Վարդանանց պատերազմի 1500-ամեակին նուիրուած հատորը եւ հրատարակած 1952-ին՝ “Հազար Հինգ Հարիւր Ամեակ Վարդանանց Պատերազմին 451-1951” խորագրով: Պէյրութի մէջ հրատարակուած է իր “Լուսաւոր Դէմքեր Մեր Օրերուն Վրայ” ժողովածուն: Գրած է նաեւ “Յուշարձան Եոզկատցիներու”, “Պատմութիւն Ֆրեզնոյի Հայ Գաղութին”, “Հայաստանի Մանկական Աշխարհը Եւ Անոր Մանկական Գրականութիւնը”, լոյս տեսած 1974-ին եւ այլ գործեր:
Վահէ Հայկի ամենածաւալուն աշխատութիւնն է “Խարբերդը Եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը-Յուշամատեան Պատմական, Մշակութային Եւ Ազգագրական” հատորը, որ հրատարակուած է 1959-ին, Նիւ Եորք: Կը բաղկանայ 1500 մեծադիր եւ պատկերազարդ էջերէ, ուր տասնեակ մը աշխատակիցներու մասնակցութեամբ ներկայացուած է Խարբերդի եւ անոր շրջակայ գիւղերու պատմութիւնը, տեղագրութիւնը, ազգագրութիւնն ու մտաւոր կեանքը (Ուիքիբիտիա): Վահէ Հայկ մահացած է 1983-ին Ֆրեզնօ, Ա.Մ.Ն.:
Վերապրած խարբերդցի Յարութիւն Պէքմէզեանի յուշերէն հետեւեալը քաղած է հեղինակը` Վահէ Հայկ: 31 Յուլիս 1914-ին Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը պայթի: Էնվեր փաշա անմիջապէս երկրին բոլոր գաւառները կը ղրկէ կնքուած պահարաններ, որոնց վրայ գրութեամբ մը հրահանգուած էր չբանալ զանոնք մինչեւ հրաման չտրուի: Օգոստոսի կիսուն պահարանները կը հասնին Խարբերդ: Մէկ շաբաթ ետք հրաման կու գայ եւ պահարանները կը բացուին: Զօրաշարժի հրամանը կը հնչէ ամէն անկիւն: Թալաաթ փաշա 1914-ին կը ջնջէ բոլոր օտարահպատակներուն առանձնաշնորհումները եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը ու կը լուծէ Հայոց Երեսփոխանական Ժողովը:
Խարբերդի մէջ թուրք զինուորականներ անմիջապէս կը գրաւեն հայ վաճառատուներու ապրանքները` մուրհակներու փոխարէն: Դրացի թուրք վաճառականները զերծ կը մնան այս միջոցառումէն: 18-45 տարեկան հայերը զէնքի տակ կ’առնուին: Օրական 8-10 ժամ իրական պատերազմի մարզանքներ ընել կու տան` զանոնք փամփուշտներու եւ ռումբերու տակ առնելով: Ողջ մանացած ու պարտասած հայ զինուորները մարզանքի հագուստով կը պառկեցնեն զօրանոցի սալայատակներուն վրայ եւ զինուորին սնունդը կը պակսեցնեն: Խարբերդի առաջնորդը` Պսակ Ծ. Վրդ. Խորէնեան, իր հետ առնելով գերմանացի միսիոնար Եոհաննէս Էհմանը, թրքական տեղւոյն իշխանութեան կը բողոքէ այս անիրաւութեանց դէմ:
Ռուսիոյ ձարը կը հրատարակէ Մանիֆեսթը` օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայոց կոչ ուղղելով ռուսերուն միանալ: Կացութիւնը կը լարուի: Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը շրջաբերական հեռագիր կը ղրկէ բոլոր թեմական առաջնորդներուն եւ կը յորդորէ հաւատարիմ մնալ Օսմանեան Պետութեան: Կովկասի ճակատէն պատերազմի եւ սպանդներու լուրերը ամէն օր կը հասնին: Թուրքերը ատելութեամբ կը լեցուին հայոց դէմ: 15 Փետրուար 1915-էն սկսեալ, Իթթիհատի կեդրոնական վարչութիւնը երեք օրեր շարունակ ժողով կը գումարէ: Թրքական “Միլլի” լուրերու գործակալութիւնը ամէն օր Կովկասի ճակատէն ստացած լուրերը կը սփռէ, թէ հայ ֆետայիները թուրք ժողովուրդը կը կոտորեն: 1915-ի Ապրիլի սկիզբը Խարբերդի նահանգի վալի Սապիթ պէյ իր քով կը հրաւիրէ Մեզիրէի հայ կղերականները ու կ’իմացնէ թէ հայոցմէ զէնքերը պիտի հաւաքէ: Թուրքերը կը սկսին հայ ժողովուրդը խոշտանգել: Առաջնորդ Պսակ վարդապետը կը ստանձնէ հայերը համոզելու դերը, որպէսզի զէնքերը թրքական կառավարութեան յանձնեն: Քիչ ետք ան կը նետուի բանտը եւ տանջալից մահուամբ կը նահատակուի: Գերմանացի միսիոնար Եոհաննէս Էհման նոյնպէս ճիգ կը թափէ հայերը համոզելու, որ զէնքերը յանձնեն:
1915-ի Յունուարին ձերբակալութիւնները կը սկսին Խարբերդի եւ Մեզիրէի մէջ: Նախ երեւելի դէմքերն ու մտաւորականները կը ձերբակալուին ու բանտերը կը նետուին: 1914-ին հայ երիտասարդները արդէն տարուած էին օսմանեան բանակի ամալէ թապուրները, այսինքն բանուորական վաշտերը, ուր անոնցչարաչար կ’աշխատցնէին: Թուրքերը 1915-ի կէսերուն հայ զինուորներէն հազարաւորներ կը սպաննեն: Անոնցմէ միայն քանի մը հատըյաջողած էին փախուստ տալ եւ գալ գիւղ կամ քաղաք, պատմելով իրենց սիրելիներուն հայ զինուորներու վայրագ ջարդերը:
Կարինէն բռնագաղթի ելած առաջին կարաւանը կ’անցնի Խարբերդէն: Կարաւանին մէջ այր մարդիկ չկային, անոնք սպաննուած էին: Կային միայն կանայք, աղջիկներ եւ երկսեռ մանուկներ: Յուլիս 1915-ին Խարբերդի փողոցներուն մէջ մունետիկը կ’իմացնէ հայոց բռնագաղթի հրամանը: Առաջին կարաւանը Մեզիրէէն Տիգրանակերտ կը ղրկուի:
Կը մէջբերենք վերապրած Աղաւնի Պօղոսեանի վկայութիւնը, քաղելով Նազարէթ Փիրանեանի “Խարբերդի Եղեռնը” խորագիրով յուշագիրքէն, որ յաւելեալ տեղեկութիւն կու տայ այդ ժամանակ տեղի ունեցած տխուր դէպքերուն մասին:
“1915-ի Յուլիս 1-ին կը բռնագաղթուինք Մեզիրէէն: Մեր ամուսինները կը զատեն մեզմէ երբ քաղաքէն դուրս կ’ելլենք: Առաջին իրիկունը կը հասնինք Գողվանք: Յաջորդ իրիկուն կը հասնինք Քեզին Խանի մօտերը: Մեր ամուսինները մեր քով կու գան: Քիւրտ խուժանով շջապատուած էինք: Առաւօտուն ճամբայ կ’ելլենք: Կրկին մեր ամուսինները կը բաժնեն մեզմէ: Երրորդ օրը կը գիշերենք Պագըր-Մատէնի պարտէզներուն մէջ: Կու լանք մեր ամուսիններուն համար, որոնք չեն վերադառնար: Յաջորդ օրը Մատէն հասնելով, մեզ կը լեցնեն խաները ու կը ստիպեն որ իսլամանանք ու թրքանանք: Ութը օրէն խարբերդէն կը հասնինք Տիգրանակերտ: Ճամբան մեզ կը կողոպտեն եւ մեր աղջիկերը կը բռնաբարեն ու կ’առեւանգեն: Տիգրանակերտէն ալ ութը օրէն կը հասնինք Մերտին: Ապա կը քշուինք Ռաս-իւլ-Այն: Տէր Զօրի արաբ կառավարիչ Ալի Սուատ պէյը, խղճալով մեր վրայ, մեզ ապահով կերպով Տէր Զօր տանիլ կու տայ: Աւելի ուշ կ’իմանանք թէ այս կառավարիչը, որ հայանպաստ կեցուածք ունեցած է միշտ, պաշտօնանկ եղաւ եւ իր տեղը առաւ Զեքի փաշա կոչուած արիւնարբու մը”:
Վահէ Հայկ իր հատորին մէջ կարեւոր տեղեկութիւն կու տայ Տերսիմի փրկութեան ճանապարհին մասին: 1909-ին Կիլիկիոյ ջարդերը մեծ դաս մը եղած էինԽարբերդի հայութեան համար: Խարբերդէն եւ Մեզիրէէն երեւելի հայեր Մեծ Եղեռնէն երկու տարի առաջ Տերսիմ կ՛երթանեւ հոն քիւրտ ցեղապետներու բարեկամութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելով հնարաւոր միջոցներ կը փնտռեն` վտանգի պահուն Տերսիմ ապաստանելու համար:
Տերսիմի քիւրտերը սկիզբը կը մերժեն զինուորագրուիլ օսմանեան բանակին մէջ: Աւելի ուշ անոնք հնարամտութեան կը դիմեն, բանակ արձանագրուելով Խարբերդ կ’երթան ու ահագին զինամթերք գրաւելով փախուստ կու տան եւ Տերսիմ կը վերադառնան: Տեղահանութենէն ետք եւ առաջ ալ, Խարբերդի մէջ պահուըտած հայ այրերը եւ զանազան պատճառներով հոն մնացած կիներն ու մանուկները տերսիմցի քիւրտերու միջոցաւ եւ կաշառքով կ’անցնին Կովկաս:
Տերսիմի մէջ Աղզունիկ գիւղը լայն լեռնադաշտի մը վրայ կը գտնուի, ուր քանի մը հարիւր հայեր հանգստութիւն կը գտնեն: Անոնք հոն շինարար աշխատանքներու կը սկսին, որ պատճառ կը դառնայ նորանոր հայերու փրկութեան: Վարպետ հիւսն եւ շինարար խարբերդցի հայ մը` Գիրգոր Եղոյեան, այդ շրջանին մէջ պաղ ջուրի ակեր գտնելով, կը զարգացնէ վայրը եւ մեծ օգուտ կը բերէ տեղւոյն ժողովուրդին եւհոն բնակող հայոց:
Վահէ Հայկի հրատարակած Խարբերդի եւ շրջակայքի կենցաղին ու ողբերգութեան նուիրուած այս հատորը՝ արժէքաւոր աղբիւր մըն է Հայաստանի արեւմտեան հատուածի կարեւոր շրջանի մը նախաեղեռնեան եւ եղեռնեան առօրեայի ելեւէջներուն մասին տեղեկանալու համար։
________________________________