ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Դումանեան նամակ յղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին` մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարին մէջ իրականացուող գործողութիւններուն վերաբերեալ:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արցախի վրայ սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, ռազմական յանցագործութիւններու կողքին, Ատրպէյճան դիտաւորեալ կերպքվ թիրախ դարձուց Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարը, որուն իբրեւ արդիւնք ոչնչացուեցաւ տաճարին երկու գմբէթներէն մէկը` խախտելով «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի ուխտի երկրորդ արձանագրութիւնը:
«Աւելին, համացանցում շրջանառուող բազմաթիւ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր ապացուցում են, որ ռազմական գործողութիւնների դադարեցումից յետոյ տաճարը վանդալիզմի է ենթարկուել, եւ ադրբեջանական ուժերի կողմից վնասուել է երկրորդ գմբէթը: Վերջերս Ադրբեջանը «շինարարական աշխատանքների» պատրուակով հանել է տաճարի գմբէթը` փորձելով փոխել յուշարձանի պատմական եւ ճարտարապետական ամբողջականութիւնը եւ աղաւաղել դրա հայկական ինքնութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ։
Վահրամ Դումանեան շեշտեց, որ բազմաթիւ հիմքեր կան հաւատալու, որ Ադրբեջան կանխամտածուած կերպով կ՛արգելափակէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն մուտքը հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը` իր կատարած ռազմական յանցագործութիւնները թաքցնելու համար: Ընդ որում` Ատրպէյճան աշխուժ կերպով կը կատարէ պատմական փաստերը կեղծելու քաղաքականութիւն` Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը կոչելով «կովկասեան ալպանական»:
Նախարարը նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ՝ դատապարտելու հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը ոչնչացնելու եւ իւրացնելու փորձերը: