Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ վաղամեռիկ համալսարանաւարտ փայլուն ուսանող՝ Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԸ. տարելիցին առիթով։
Ս. պատարագի աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ։ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան խօսք առնելով դրուատեց Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը` աւելցնելով, որ իր յիշատակին համար ստեղծուած ֆոնտը ժպիտ կը պարգեւէ աշակերտներուն դէմքերուն եւ մխիթարութիւն ու համբերութիւն կու տայ Շահպազեան ընտանիքին։
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան յայտնեց, թէ վաստակաշատ դաստիարակ մը պատեհ առիթով մը ըսած է, որ դպրոցը պարտէզ մըն է, գիտութիւնը՝ այդ պարտէզին հողը, ուսուցիչը՝ պարտիզպանը, իսկ ուսանողը՝ պարտէզին մէջ ծլող եւ ծաղկող բոյսը, աւելցնելով, որ պարարտ հողը, լաւագոյն սերմերն ու վարպետ մշակները անհրաժեշտ են, բայց ոչ բաւարար, առատ բերք ստանալու համար, որովհետեւ կը պակսի կենսատու ջուրը։ Դոկտ. Գ. Պողարեան նկատել տուաւ, որ կրթական մշակներուն ջուր հայթայթողները մեծ թէ փոքր, յայտնի թէ անանուն բարերարներն են, որոնց փաղանգին մէջ իրենց ինքնուրոյն տեղը ունի Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեան ամոլը։
«Բարերարութենէ անդին, Շահպազեաններու մօտ յստակօրէն ի յայտ կու գայ նաեւ հայու նկարագիրի թերեւս ոչ շատ խօսուած յատկութիւններէն մին՝ անձնական ցաւը հաւաքական ուրախութեան եւ հպարտանքի վերածելու կարողութիւնը» հաստատեց Պողարեան` նկատել տալով, որ այսպիսով 2002-ին ծնաւ «Սեպուհ Շահպազեան Ֆոնտ»-ը, որուն շնորհիւ բազմաթիւ հայ ուսանողներ առիթը ունեցան, եւ վստահաբար ապագային ալ պիտի ունենան ազգաշունչ կրթութիւն ստանալու։ Ֆոնտը ծնունդ առաւ ընտանեկան ցաւալի պատուհասէ մը ու դարձաւ օրհնաբեր առու մը, որ իր կարգին եկաւ յաւելեալ ջուր մատակարարելու տակաւ անջրդի մնալու սպառնալիքին ենթակայ հողերուն։
«Ողջ Լիբանահայութեան եւ ի մասնաւորի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ կ՝ըսեմ.- վարձքը կատար Շահպազեան ամոլին» եզրափակեց Դոկտ. Գ. Պողարեան։