Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- Պայքար 102
Հայաստանի Արեւելեան հատուածէն եւ Կովկասէն դէպի Վան հայոց երրորդ վերադարձի առընչութեամբ Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեան կ՛ըսէ, թէ վանեցին ոգեւորուած 1917-ի ռուսական յեղափոխութենէն անյապաղ ձեռնարկեց իր վերադարձին դէպի Վան ու կ՛աւելցնէ. «Վասպուրականցին ջանաց անգամ մը եւս իր ճակատագիրը ձեռք առնել ու անգամ մը եւս աշխարհին ցոյց տալ թէ չնայած իր դարաւոր ստրկութեան, ան տակաւին կը պահէ իր ազատատենչ ոգին եւ ինքնակառավարման գիտակցութիւնը ու դարձեալ կը փորձէ -երրորդ անգամն ըլլալով- վերադառնալ իր կիսակործան հայրենիքը, այնտեղի քարուքանդ շէնքերը վերաշինելու եւ անոր աւերակներուն նոր շունչ, նոր հոգի եւ նոր կորով տալու»: Կէօրկիզեան կ՛ըսէ թէ ցարական իշխանութեան տապալումով եւ նոր կարգերու խոստումներով լեցուած ռուսական բանակի զինուորները մեծաւ մասամբ սկսած էին իրենց տուները վերադառնալ: Ուստի Վասպուրականի հայերը պատրաստուեցան վերադառնալ իրենց պապենական հողերը, լեցնելու ռուսերու դատարկ ձգած բացը եւ պաշտպանելու իրենց հայրենիքը թրքական յարձակումներէն: Այս մասին աւելի խորանալու համար կարդալ Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեանի յուշագիրքին՝ «Մեր Ազգային Գոյապայքարը – 1915-1922, Զուլումի Տարիներ» (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 63, Պէյրութ, 1967, միջակ չափի 505 էջ) 96-101 էջերը:
Երբ վասպուրականցին հազիւ քանի մը ամիս խաղաղ կեանք կ՛ապրի եւ կը լծուի վերաշինութեան գործին, շուտով շշուկներ կը տարածուին թէ ռուսական բանակը սկսած էր ամբողջովին նահանջել, անպաշտպան ձգելով հայերը: Թուրքերն ու քիւրտերը կը պատրաստուէին յարձակելու հայոց գիւղերուն վրայ: Միւս կողմէ սուր տնտեսական ու պարենաւորման տագնապի մը սեմին կը գտնուէին հայերը:
Կէօրկիզեան իր յուշագիրքին էջ 121-ի մէջ կ՛ըսէ թէ 1917-ի Մարտ 12-ին Կարին կ՛իյնայ թուրքերու ձեռքը (Պէտք է ըլլայ 1918-ի Փետրուարի կէսերուն- Յ. Ի. ): Վանի նահանգի կարգ մը շրջաններուն մէջ թուրքերը յարձակում կը գործեն հայոց վրայ: Խնուսի ու Ալաշկերտի ռուսական բանակի գունդերն ալ կը նահանջեն: Վերապատուելի Արսէն Ա. Կէօրկիզեան կ՛ըսէ. «Վան մնալը անիմաստ կը դառնայ եւ ստոյգ վտանգի ու անկարելի դարձած դիմադրութեան՝ ի զուր զոհեր տալու անկողմնակից հայկական Ե. Գունդը, Վանի կառավարութենէն յուսահատած, 1918-ի Մարտ 7-ին հաւաքելով իր բանակի վերջին մնացորդները – ժողովուրդի արցունքներուն մէջէն – կ՛անցնի Կովկաս: Կը մնան միայն քանի մը սպաներ եւ 100-ի չափ ալ զինուորներ, որոնք հայրենիքի սիրոյն եւ կամ այլ պատճառներէ դրդուած, կ՛երդնուն մնալ եւ մինչեւ վերջին շունչը կռուիլ վասպուրականցիներուն կողքին»:
1918-ի Փետրուար ու Մարտ ամիսներուն Վասպուրականի զանազան շրջաններէ եկած լուրերը բաւական կը յուսահատեցնեն Վանի հայերը: Վանի Զինուորական Մարմինը հրահանգ կու տայ ժողովուրդին պատրաստուիլ մեկնելու: Այս մասին Վեր. Կէօրկիզեան կը գրէ. «Վախի ու սոսկումի ներքեւ, սահմռկած ժողովուրդը ինքզինք կը կորսնցնէ յուսահատութենէ» աւելցնելով, «կը տիրէ քաոսային ժխոր, իրարանցում, ողբ ու աղաղակ եւ դա՛րձեալ փախուստ… Ու Վասպուրականի հայրենասէր ժողովուրդը, անգամ մը եւս, կը համբուրէ իր հայրենի օճախին շէմքը, ուր թողելով իր ամբողջ ունեցածը, դարձեալ ձեռք կ՛առնէ գաղթի ճանապարհը» (էջ 103):
Տակաւին ժողովուրդը ճամբայ չելած, ներքին գործոց կոմիսար Հմայեակ Մանուկեան, պարենաւորման պատասխանատու կոմիսար Զաւէն Կորկոտեան եւ Վանի առաջնորդ Եզնիկ եւ Դանիէլ վարդապետները առաջինները կ՛ըլլան Վանէն հեռացող: Վանի Զինուորական մարմնի անդամներուն մեծ մասը անոնց հետ կը մեկնի:
Վասպուրականի 30 հազար հաշուող (ըստ Վեր.Կէօրկիզեանի, էջ 105) ժողովուրդը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կովկաս: Ճամբուն վրայ Արճակ գաւառի Նոշար շրջանի քիւրտերը կը յարձակին կարաւանին վրայ: Կարաւանը հազիւ կ՛ազատի վտանգէն եւ կը գիշերէ դաշտի մը մէջ: Պատասխանատուները կ՛որոշեն դէպի Պարսկաստան տանիլ գաղթականները: Այս մասին ուրիշ յուշագրող մը Ասքանազ Վարդանեան իր յուշագիրքին՝ «Վանի Վերջին Նահանջը» (Ամարաս հրատ. Երեւան, 2010, միջակ չափի 107 էջ) ներածականին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Վանի առաջնորդներն ու ժողովուրդը ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Բերկրիի կիրճը. անկէ, ըստ սովորութեան, Հայաստան ապաստանելու համար: Բայց որոշ պատճառներով /թիւրիմացութիւն, անվճռականութիւն, թէ դրութեան գիտակցութեան պակաս/ չեն կրնար կիրճէն անցնիլ, այլ կը դիմեն դէպի Պարսկաստան, Խոյ քաղաքի վրայով Ջուլֆա եւ ապա Հայաստան անցնելու համար»:
24 Մարտ 1918-ի առաւօտեան Վանի կարաւանը կրկին ճամբայ կ՛ելլէ առանց սպասելու թէ յառաջապահ զինուորները ի՞նչ լուր պիտի բերեն ճանապարհի ապահովութեան համար: Ամէն կողմ ձիւնով ծածկուած եւ օդը շատ ցուրտ էր: Խումբ մը անձնուէր զինուորներու հսկողութեան տակ քիչ ետք կարաւանը ձոր կը մտնէ եւ անկէ ալ ելլելով կը հասնի գարնան առաջին դալարած հովիտներէն մէկը, ուր կը գտնուի Կոտոլ գիւղը, Պարսկաստանի սահմանին մօտ: Հոն է որ գաղթական ժողովուրդը կը նստի հանգստանալու, մինչ Կոստի Համբարձումեան սահմանէն անդին Խոյի կառավարիչին պատուիրակներու միջոցաւ կը հաղորդէ վասպուրականցի գաղթականներուն մուտքը՝ Պարսկաստան: Մինչեւ առաւօտ պատասխան չի գար կառավարիչէն եւ ժողովուրդը ոտքի կ՛ելլէ եւ ճամբան կը շարունակէ: Կարաւանը կ՛անցնի ձորի մը մէջէն, ուր քիւրտերը յանկարծ կը յարձակին հայոց վրայ: Յառաջապահ հայ զինուորները արիաբար կը դիմադրեն թշնամիին: Գաղթական հայերէն ոմանք դէպի Սալմաստ կ՛ուղղուին: Ասոնց համար հարկ էր կտրել Կոտոլ գետը: Գարնան այդ եղանակին գետը յորդած էր հալող ձիւնին պատճառաւ: Եւ կը պատահի աղէտը…«Քանի՜ քանի՜ կիներ իրենց երեխաներով եւ ծերունիներ իրենց թոռնիկներով, զոհ կ՛երթան փրփրած գետի ալիքներուն… », կ՛ըսէ Վեր. Կէօրկիզեան: Մօտաւորապէս 4-500 հոգի կը խեղթուին այդ վայրին մէջ: Վասպուրականցի գաղթականները արդէն մտած էին Պարսկաստան, բայց անոնք տակաւին կը յուսային ճամբայ գտնել դէպի Կովկաս: Հայերը Տիլման քաղաքը կ՛ապաստանին: Քիւրտերն ու պարսիկները կը յարձակին Տիլմանի վրայ մեծ վտանգ սպառնալով ասորիներուն եւ հայերուն: Հայերն ու ասորիները կը միանան, կը կազմակերպեն իրենց ոյժերը եւ հակայարձակումով կը յաջողին վերագրաւել Տիլմանը ու 9000 պարսիկներ գերի բռնել: Ասորիներն ու հայերը այդ գերիներուն մէկ մասը Խոյ կը ղրկեն իսկ միւս մասը՝ Թաւրիզ:
Պարսկահայքի մէջ հայ գաղթականները դժնդակ օրեր կ՛ապրին, հոս ու հոն կը փոխադրուին, կը կազմակերպուին Կովկասէն եկած օգնութեամբ եւ կը կռուին թուրքին դէմ: Վերջ ի վերջոյ անոնք անգլիական ոյժերու օգնութեամբ կը փոխադրուին Իրաքի Պաաքուպա աւանը, որ Պաղտատի մօտ էր եւ որոշ ատեն մը հոն բնակութիւն կը հաստատեն, մինչեւ որ անոնց մէկ կարեւոր մասը կը հայրենադարձուի Խորհրդային Հայաստան 1947-ին: Այս մասին յանձնարարելի է կարդալ Ասքանազ Վարդանեանի վերոնշեալ գիրքը:
Ասքանազ Վարդանեան Վասպուրականի ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան մասին հետեւեալը կ՛ըսէ. «Վանէն մինչեւ Համատան անոնք անընդհատ կռուեցան իրենց գոյութեան համար: Տուին բազմաթիւ զոհեր: Կատարեցին բազում հաւաքական եւ անհատական հերոսութիւններ, տառապեցան ցուրտէն եւ տաքէն, անօթութենէն եւ ծարաւէն, հիւանդութիւններէ եւ յոգնութենէ, սակայն քալեցին եւ ազատեցան»:
Շարունակելով այս մասին ան կ՛աւելցնէ. «Համատանէն ժողովուրդը անգլիացիներու կարգադրութեամբ մաս մը զինուորական կառքերով եւ մաս մըն ալ քալելով կը հասնի Քերմանշահ, Քասըր Շիրին, կը մտնէ Իրաք՝ Խանագին եւ ի վերջոյ Պաքուպայի մօտ, անապատի մը մէջ, կը պատսպարուի վրաններու տակ, անգլիական զինուորական իշխանութեան հովանիին ներքոյ: Կը ստանայ ձրի նպաստ, առողջապահական եւ բժշկական անթերի խնամք եւ այլն: Բայց կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառաւ կու տայ բաւական զոհեր: 1920 թուին աշնան հայերը կը փոխադրուին Պաքուպայէն մօտ 600 քմ. Հարաւ՝ Պասրայի Նահր Էլ-Օմար կոչուած շրջանը, ուր քանի մը տարի եւս կը ստանան նոյն նպաստն ու խնամքը»:
Հարիւր տարի անց Վասպուրականի չորրորդ կամ վերջին նահանջէն հարց կու տանք՝ «Հայը պատրա՞ստ է իրագործելու չորրորդ եւ վերջնական վերադարձը ոչ միայն դէպի Վասպուրական այլ ամբողջական Հայաստան»: Այժմ հայը Հարենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ի՞նչ կը մտածէ այս գծով եւ արդեօք ի՞նչ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ: