ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի իր հիմնադրութեան 60ամեակը նշող Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի յայտնի շրջանաւարտներէն մէկն է «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան հիմնադիր ու վարիչ Վաչէ Պարսումեանը։ «Առիթը ունեցած եմ թէ՛ իբրեւ ուսանող եւ թէ իբրեւ դասատու վայելելու Հայկազեան համալսարանը, որուն շնորհիւ գիտակցեցայ, թէ որքա՛ն ընտիր հաստատութիւն մըն է անիկա։ Իբրեւ երիտասարդ ուսանող, համալսարանը կրցաւ միջազգային տարողութեամբ եւ հայկական արմատներով մշակութային եւ մտաւորական ուսում փոխանցել ինծի», կը յայտնէ Պարսումեան։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ բախտաւոր եղած է ոչ միայն համալսարանին տրամադրած կրթական գերազանց սպասարկութիւններէն օգտուելով, այլեւ այն իրողութեամբ, որ համալսարանին քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ՝ ինք կրցած է Միացեալ Նահանգներ գալ, երաժշտական ուսմանց մէջ մասնագիտանալու համար։ «Կը կարծեմ, որ առաջին եւ կրնայ ըլլայ միակ շրջանաւարտն եմ, որ այսքա՛ն նեցուկ վայելած եմ։ Նման առանձնաշնորհում անկարելի պիտի ըլլար՝ առանց (Ստեփան) Փիլիպոսեանի, (Ճան) Մարգարեանի, (Հրայր) Մուրատեանի եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան խնամակալներուն նման առատաձեռն նուիրատուներու օժանդակութեանց», կը յայտնէ Պարսումեան։
Ան կը շեշտէ, որ համալսարանին ցուցաբերած այս զօրակցութիւնը եղած է իր արհեստավարժ ասպարէզի հիմնաքարը՝ միաժամանակ իրեն սորվեցնելով նուիրաբերելու անհրաժեշտութիւնը, որ յոյժ կարեւոր է յատկապէս Հայկական Սփիւռքի գոյատեւման համար։
Լոս Անճելըսի մէջ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 60ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 3ին: Այդ առիթով, համալսարանը պիտի կազմակերպէ պաշտօնական ձեռնարկ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացում մը՝ «Կրեմի» մրցանակին արժանացած թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի կատարմամբ, Փուչինիի «Ճիաննի Սքիքի» գործին հիման վրայ: Ապա Տոմինկօ պիտի ստանձնէ խմբավարի պաշտօնը՝ ներկայացնելու «Փակլիաչի» գործը։
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Տորոթի Չենտլըր» կեդրոնին մէջ: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (844) 809-4806 թիւին կամ այցելել www.haigazian.org կայքը: