Վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերը երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին սկսան բաց գործադուլի մը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Բաց գործադուլին յանձնառու մնաց վառելանիւթի կայարաններուն մեծամասնութիւնը:
Նշենք, որ այս գործադուլը հետեւանք է այն իրողութեան, որ քաղաքացիները լիբանանեան դրամանիշով կը գնեն վառելանիւթը, սակայն վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերը վառելանիւթը կ՛ապահովեն ամերիկեան տոլարով: Նկատի ունենալով երկու դրամանիշներուն միջեւ արձանագրուած արժէքի տարբերութիւնը եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ այդ տարբերութիւնը ծածկելու խոստումներու դրժումը, ապա վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերը յայտարարեցին այս բաց գործադուլը:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանեան պետութեան կողմէ վառելանիւթ գնելու նուազուրդը, վառելանիւթ վաճառող նաւերուն հետ:
Նուազուրդը կատարելէ 10-15 օր ետք կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթ ներածել երկիր եւ ընդառաջել վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերուն, որոնք իրենց կարգին վառելանիւթ պիտի տրամադրեն քաղաքացիներուն` այս բոլոր գործառնութիւնները լիբանանեան դրամանիշով կատարելով:
Պուսթանի ընդգծեց, որ պէտք չէ լիբանանցի քաղաքացին յաւելեալ բեռով ծանրաբեռնել:
Ան կոչ ուղղեց վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերուն վերջ տալու իրենց յայտարարած բաց գործադուլին եւ ընդունելու, որ իրենց շահերը սահմանափակ նուազում արձանագրեն` մինչեւ տագնապին լուծումը:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը իր կարգին մերժեց քաղաքացին շանթաժի ենթարկել` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կարենայ ապահովել վառելանիւթի, դեղորայքի, ցորենի եւ տարրական կարիքներու ներածումը:
Մինչ վառելանիւթի կայարաններուն յայտարարած բաց գործադուլը պիտի շարունակուի, այսօր անոնց պիտի միանան նաեւ լումայափոխները:
Վարչապետի անուան շուրջ խորհրդակցութիւնները երէկ լուսարձակներէ հեռու շարունակուեցան:
Նախագահական պալատի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սամիր Խաթիպի թեկնածութիւնը տակաւին հաւանական է:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերն են, որոնք կ՛ուշացնեն վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւէրը` աւելցնելով, որ այդ խորհրդակցութիւնները շատ հաւանաբար կատարուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ երկրին ելեւմտական իրավիճակը քննարկելու յատուկ նիստ մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանսուր Պթէյշը, պետական նախարարի պաշտօնակատարներ Ատել Աֆիունին եւ Սելիմ Ժրայսաթին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը, Դրամատուներու քննիչ խորհուրդի նախագահ Սամիր Համմուտը եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Նետիմ Մունլան:
Ժողովրդային շարժումին մասնակից ցուցարարները երէկ Կեդրոնական դրամատան դիմաց բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին եւ քանդեցին դրամատան մուտքին զետեղուած փայտեայ պատնէշը:
Անոնք բողոքեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ` զայն նկատելով տնտեսական եւ ապրուստի տագնապին հիմնական պատճառը:
Ներքին ապահովութեան ուժերը փակեցին Համրա տանող ճամբան` հակակշիռի տակ առնելու համար Կեդրոնական դրամատան դիմաց գտնուող ցուցարարները:
Երեկոյեան մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան Պուսթրոս պալատ, ուր անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին` մերժելով որեւէ արտաքին միջամտութիւն` լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն: Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց հաւաքուած ցուցարարները մերժեցին արաբական թէ օտար բոլոր երկիրներուն կողմէ Լիբանանի հարցերուն միջամուխ դառնալու փորձերը` հաստատելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը միայն իրաւունք ունի իր ազգային կեանքին մասին որոշում տալու:
Ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ Թրիփոլիի, Պըտտաուիի, Մընիէի, Պաալպեքի, Հալպայի եւ Շթորայի մէջ: