Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

February 12, 2018
in Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

     Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց Ուրբաթ« 2 Փետրուար 2018-ին, օրուան պատգամախօս ունենալով գերապատիւ հայր Վարագ Վրդ. Պէրպէրեանը:

 

            Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեցին 11-րդ դասարանի աշակերտներ՝ Լոռի Տէմիրճեան, Մհեր Ճենանեան, Դուին Էքշեան եւ Ալինա Գայֆէճեան, որոնք ըսին, թէ մենք փոքր տարիքէն կը յիշատակենք այս տօնը, այսօր սակայն կը հասկնանք, որ Վարդանանց  յիշատակութիւնը տօն չէ, այլ՝ սրբազան խորհուրդ մը, որուն ճակատամարտը ամէն օր կը մղուի մեր կեանքի ընթացքին: «Այսօր հաւատքի, հայրենասիրութեան յիշատակի օրն է, որ յաղթանակ մըն է լոյսի՝ խաւարին դէմ, յաղթանակ մը բարիի՝ չարին դէմ, յաղթանակ խաչին՝ կրակին դէմ: Այսօր եւս մենք կանչուած ենք դէմ կենալու խաւարին, չարին ու կրակին, ըլլալով հաւատարիմ ու անյաղթ զինուորը Քրիստոսի եւ հայրենիքի», ըսելով իրենց խօսքը եզրափակեցին աշակերտները:

 

            Յայտագրի առաջին բաժնով մանկապարտէզի կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները արտասանութեամբ ու երգով գովերգեցին Վարդանանց հերոսները: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 4-րդ դասարանը՝ «Հայ Ապրինք Եղբարք», «Վարդանի Ս. Արիւնին» եւ «Հայուն» երգերով, 3-րդ դասարանը՝ «Արի Հայեր» խմբային արտասանութեամբ, 3-րդ դասարանէն Յարութ Չափատարեան եւ Էլի Կարապետեան՝ «Հայրն ու Որդին» երկխօսութեամբ,  որմէ ետք դպրոցին պարախումբը ներկայացուց պար մը:

 

            Գերապատիւ հայր Վարագ Վրդ. Պէրպէրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ինչ որ պարսիկը իր փիղերով, ինչ որ Հռոմը իր հսկայ կայսրութեամբ, ինչ որ Բիւզանդիոնը իր սուրերով, եւ ինչ որ վայրագ օսմանցին իր կախաղաններով եւ զէնքերով չկրցաւ ընել, չըլլայ որ այդ ցեցը, որ մտած է մեր հայ ժողովուրդին մէջ, ներսէն կրծէ հայուն մարմինը եւ մեզի ներփլուզումի մատնէ: Ան նշեց, թէ մենք այսօր հայ կը մնանք, որովհետեւ Վարդանը ճակատամարտ մղեց, ու թէեւ նահատակուեցաւ, բայց իր ետին հազարաւոր Վարդաններ բերաւ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ չամչնան հայ ըլլալէն ու ամօթ չհամարեն հայերէն խօսիլը: Լաւ է ֆրանսերէն խօսիլը, լաւ է անգլերէն գիտնալը, բայց այս բոլորը մեզի ո՛չ Վարդան կը դարձնեն, ո՛չ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը բերեն, ո՛չ ալ Շնորհալի մը կրնան տալ, ըսաւ գերապատիւ վարդապետը: Ան կոչ ուղղեց վարժարաններուն եւ միութիւններուն՝ միասնաբար աշխատելու հայ ժողովուրդի բարիքին համար, պարծենալու եւ հպարտանալու հայութեամբ, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը միայն մէկ յարութիւն կը նշէ՝ Քրիստոսի յարութիւնը, իսկ մենք՝ երեք յարութիւն, Քրիստոսի, Վարդանանցի եւ Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարութիւնը:

 

          Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ վարժարանիս վարչական մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան եւ տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատրաստեցին եւ ներկայացուցին օրուան յայտագիրը: Ան շնորհաւորեց նաեւ Վարդան, Վահան եւ Ղեւոնդ անուն կրողները, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց կիսամեայ քննութեանց առիթով: 

 

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ    

       

         

 

Previous Post

الجيش السوري: وسائط الدفاع الجوي دمرّت معظم الصواريخ الإسرائيلية

Next Post

What is “Armenian” in Armenian Identity?

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In