ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 27 Յուլիսին Գառնիի տաճարի եւ Գեղարդի վանքի տարածքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Վարդավառի միջազգային երիտասարդական փառատօնը: Հայաստանը զբօսաշրջիկներուն աւելի գրաւիչ դարձնելու նպատակով այս փառատօնը պիտի դառնայ իւրօրինակ կամուրջ մեր ներկային ու անցեալին միջեւ: 22 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է փառատօնի մտայղացման հեղինակներից մէկը՝ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեանը:
«Վարդավառի տօնը այն եզակի տօներից է, որը հայերի համար շատ բնութագրական է եւ ունի ազգային հիմք, որը կարող է գրաւել զբօսաշրջիկներին ու սփիւռքահայերին՝ դարձնելով այն համազգային տօն», դիտել տուած է Ատոմ Մխիթարեան: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ շարք մը պետական, երիտասարդական եւ միջազգային կառոյցներու համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք փառատօնին պիտի մասնակցին շուրջ 120 երիտասարդներ՝ աւելի քան 20 երկիրներէ, որոնք այդ օրերուն տարբեր կրթական ծրագիրներով կը գտնուին Հայաստան, ինչպէս նաեւ՝ համահայկական տարբեր ծրագիրներով Հայաստան գտնուող Սփիւռքի երիտասարդները:
«Վարդավառ» միջազգային երիտասարդական փառատօնի համակարգող Հայասա Թահմազեանի համաձայն՝ տօնին բացումը պիտի կատարուի Գեղարդի վանքին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Տիրոջ Պայծառակերպութեան նուիրուած սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին պատարագիչը ջուր պիտի սրսկէ գաւիթին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն վրայ: Պատարագէն ետք Գեղարդի վանքի տարածքին մէջ պիտի կատարուի Նոյեան պատմութեան ու Քրիստոսի պայծառակերպութեան ներկայացում, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդներու եւ մատաղի օրհնութիւն:
«Գառնու տաճարի տարածքում կը գործեն Հայաստանի մարզերի մշակոյթն ու աւանդոյթները ներկայացնող տաղաւարներ, ելոյթ կ՛ունենան ազգային երգի եւ պարի համոյթներ: Տօնը կ՛աւարտուի Վարդավառի բեմադրութեամբ: «Ակունք» ազգագրական համոյթը, երաժիշտները եւ դերասանները կը ներկայացնեն մինչեւ մեր օրերը հասած, սակայն շատերին անծանօթ Վարդավառի տօնի հինաւուրց աւանդոյթները», բացատրած է Հայասա Թահմազեան:
Լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման նաեւ ներկայ եղած է Կոտայքի մարզպետի խորհրդական Կարէն Պապոյեանը, որ յայտնած է, որ փառատօնին ներկայ գտնուիլ ուզող քաղաքացիները նոյն օրը Երեւանի Շահումեան հրապարակէն եւ Մատենադարանի մօտակայքէն, ինչպէս նաեւ Կոտայքի մարզի մեծ քաղաքներէն յատուկ հանրակառքերով պիտի փոխադրուին համապատասխան վայրեր։