Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ՄԱՅԵՍԹՐՕ …

August 5, 2014
in Յօդուածներ
0
ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ  ՄԱՅԵՍԹՐՕ …

Բարեկամ մը հեռաձայնեց քանի մը վայրկեան առաջ: Որպիսութիւններ փոխանակելէ ետք,ըսաւ թէ տխուր լուր մը ունէր փոխանցելիք… պարոն Սեպուհ Աբգարեանը ոչ եւս էր…:

Գլխացաւ մը պատեց զիս: Յուզումի եւ արտասուքի հոգեվիճակիս ընդմէջէն փոխադրուեցայ Կիպրոս… Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: Այնտեղ ծանօթացայ պարոն Սեպուհ Աբգարեանին: Այն մարդուն որուն ձայնը հարազատ էր լիբանանցիներուս՝ Հոս Կիպրոսի Հայկական Ռատիօկայանն է շաբաթական,ապա՝ ամէնօրեայ հաղորդումներուն ընդմէջէն: Մելգոնեանի մէջ ծանօթացայ   մշակոյթի, արուեստի նուիրեալին:Ժպտուներէս՝ ժիր, ամէնօրեայ ներկայութիւն մըն էր ան Մելգոնեանի մէջ, դասաւանդելով՝ երաժշտութիւն, գծագրութիւն, արուեստի պատմութիւն: Մելգոնեան Հաստատութիւնը շնորհիւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի կազմակերպած մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներով , գաղութին կը ներշնչէր եռանդ, հայ ապրելու եւ հպարտանալու կորով: Բայց բոլորէն աւելի եւ բոլորէն աւելի կարեւորը,իր համեստ բնաւորութեամբ յարգուած էր բոլորէն: Արժանացած էր բոլորին անմնացորդ յարգանքին: Ընկերասէր եւ ընկերային անձնաւորութիւն մը: Հայ գիրի ու մշակոյթի եզակի   նուիրեալ մը: Ինքնագովութիւնը,կեղծ համեստութիւնները խորթ էին անոր նկարագրին: Պարոն Աբգարեան կը հաւատար աշխատանքին եւ անսակարկ աշխատանքին: Ուսուցիչ չէր բառին իսկական առումով,այլ՝ գործընկեր, խորհրդատու եւ բարեկամ…:Արժանիքներ,որոնք դժուար կարելի է գտնել մեր այսօրուան իրականութեան մէջ: Մեզի զարմանք կը պատճառէր, այսպիսի եզակի բանիմաց, հմուտ,նուիրեալ անձնաւորութեան մը հեղինակութեան մասին Սփիւռքի քար   լռութիւնը…:

Պիտի չմոռնամ այն տագնապը որ ապրած է 1974-ին, երբ թրքական օդանաւեր ռմբակոծեցին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: Պարոն Աբգարեանը իբրեւ ուսուցիչ առաջինը եղած է, որ վաստակած համեստ աշխտավարձէն գումար մը տրամադրած էր վերաշինութեան աշխատանքներուն, որպէսզի մինչեւ վերամուտ փակուէին ննջարաններու առաստաղին վրայ   տեղացած ռումբերուն   հետեքերը: Այս մէկը ուրիշներէն իմացանք… տարիներ ետք: Պիտի չմոռնամ նաեւայն տագնապը որ ապրեցաւ երբ փակուեցաւ մեր Անմահ Լուսոյ Փարոս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Ճակատագիրը սրբագրեց անոր դէմ վճռած այս անարդարութիւնը: Եկաւ ժամանակը եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանը իր արժանի տեղը գտաւ մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ, երբ Խաչատուրեան ընտանիքը (ԳՈՀԱՐ, Յարութիւն, Շահէ եւ Նար ) արժանիօրէն զինք հրաւիրեցին գլխաւորելու նոյնքան եզակի ԳՈՀԱՐ   համոյթը: ԳՈՀԱՐԸ եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանը միաձուլուեցան:Անոնց իւրովի եւ անսակարկ գործակցութիւնը մշակոյթի համաշխարհային երկնակամարին վրայ անջնջելի կնիքով դրոշմեց հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Վկայ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ ԳՈՀԱՐ-ի աննախընթաց   համերգներու շարքն ու արձանագրած   յաջողութիւնները:

Համեստս,իբրեւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի ուսանողը, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կ’ապրէր ԳՈՀԱՐ-ի եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի գործակցութեամբ…: Մարդը գտած էր իր արժանի տեղը:

Այսօր ժամանակը եկած է,որպէսզի պարոն Սեպուհ Աբգարեանը իր արժանի տեղի գտնէ հայ մշակոյթի անմահներու շարքին:

Այս տողերը՝ փունջ մը ծաղիկ քու անմահ շիրիմիդ վրայ, սիրելի ուսուցիչ եւ դաստիրարակ:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Previous Post

ՈՉԻՆՉ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

Հրայր Ճէպէճեան. «Եկանք, որ մեր կապերը վերահաստատենք հայրենիքի մեջ…»

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In