ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 Օգոստոսին տեսազանգ ունեցաւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Մասացուքու Ասաքաւայի հետ:
Փաշինեան շնորհաւորեց Մասացուքու Ասաքաւան՝ դրամատան նախագահի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ զայն հրաւիրեց Հայաստան, «Քորոնա» համաճարակին աւարտէն ետք:
Վարչապետը նշեց, որ Ասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանի յուսալի գործընկերներէն է, եւ Հայաստանի մէջ տարբեր` երթեւեկի, ուժանիւթի, քաղաքաշինութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ միացեալ իրականացուող ծրագիրները, Հայաստանի մասնաւոր հատուածին զարգացման ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը վկայեն գործընկերութեան արդիւնաւէտութեան մասին: «Մենք կարեւորում ենք ԱԶԲ հետ համագործակցութիւնը եւ դրա շարունակական զարգացումը», հաստատեց Նիկոլ Փաշինեան, որ բարձր գնահատեց «Քորոնա» ժահրին տնտեսական հետեւանքները յաղթահարելու նպատակով դրամատան կողմէ Հայաստանին ֆինանսական եւ արհետագիտական օժանդակութեան տրամադրումը:
Մասացուքու Ասաքաւա դիտել տուաւ, որ դրամատունը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործընկերութեան խորացումը: Ան ողջունեց կառավարութեան` «Քորոնա» ժահրին հետեւանքներուն չէզոքացման հակաճգնաժամային ծրագիրները եւ վերահաստատեց թէ՛ գործընկերութեան ծրագիրով եւ թէ համաճարակին յարուցած տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ Հայաստանին աջակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը: Ան հաստատեց, որ դրամատան եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած է արդիւնաւէտ գործընկերութիւն, որուն ծիրին մէջ մնայուն կերպով կ՛իրականացուին փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու օժանդակութեան նախաձեռնութիւնները։