Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:
Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի մէջ միշտ բարձր գնահատած են Հայկազեան համալսարանի դերակատարութիւնը որակեալ համալսարանական կրթութեան ապահովման եւ հայագիտութեան մէջ ծանրակշիռ ներդրումին համար: Ան կարեւոր նկատած է Հայկազեան համալսարանի եւ Հայաստանի կրթական ու գիտական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս, ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագիրներու իրականացումը:
Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայկազեան համալսարանի համագործակցութիւնը հայաստանեան կրթական եւ գիտական հաստատութիւններուն հետ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդման, սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործման ուղղուած այլ հարցերու: