Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հոգեւոր, ազգային եւ կուսակցական պատասխանատուներու եւ լիբանանահայ գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Կարապետեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջպետական յարաբերութիւնները ամրապնդելու շրջագիծին մէջ նաեւ զարկ կը տրուի տնտեսական ծրագիրներու գործադրութեան:
Կ. Կարապետեան հաստատեց, որ ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Հայաստանի պարագային ներուժը շատ աւելին է, եւ կարելի է յաւելեալ ծրագիրներ մշակել:
Ապա վարչապետ Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ սկսած է տնտեսական աճ արձանագրուիլ, եւ աւելցուց, որ տնտեսական բարգաւաճումն ու զարգացումը հետզհետէ աւելի տեսանելի պիտի դառնան բոլորին:
Վարչապետ Կարապետեան Հանդիպում
Ունեցաւ Գործարարներու Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Լիբանան այցելութեան երկրորդ օրը սկսաւ հայ գործարարներու հետ նախաճաշով: Հայաստանի զարգացման հեռանկարներու եւ առկայ խնդիրներու շուրջ զրոյցներ եւ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի ներկայի իրողութիւնը եւ տնտեսութեան զարգացման միտումները: Վարչապետը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը ուժեղ սփիւռքի առկայութիւնն է` հայրենակիցներ, որոնք անկախ իրենց գտնուելու վայրէն անհանգիստ են իրենց հայրենիքի ապագային համար
Հանդիպում` Լիբանանեան Դրամատուներու Տնօրէններուն Հետ
Ճաշի մը ընթացքին վարչապետը եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին եւ լիբանանեան դրամատուներու գործադիր տնօրէններուն հետ: Վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան պատկերը եւ ներդրումային միջավայրը, նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած ցուցանիշները, Հայաստանի միջոցով այլ շուկաներ մուտք գործելու կարելիութիւնները:
Հայաստանի Պետական Պատուիրակութեան Այցելութիւնները
Հայկական Համայնքային-Կրթական Կեդրոններ
Օրուան ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ու անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան, ուր ծանօթացան համալսարանի զանազան բաժիններուն, ծրագիրներուն: Անոնք հանդիպում մը ունեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ եւ քննարկեցին Հայաստանն ու սփիւռքը յուզող հարցեր: Այցելութեան առիթով վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց վարչապետ Կարէն Կարապետեանին:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ու անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Զմմառու պատմական վանք, ուր դիմաւորուեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամներուն կողմէ: Գէորգ եպս. Ասատուրեան բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի պետական պատուիրակութեան: Հիւրերը շրջեցան Զմմառու վանքի զանազան բաժանմունքները, այցելեցին մատենադարան եւ թանգարան: Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին նուիրուեցաւ Զմմառու Տիրամօր սրբապատկերը: