Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններն ու այդ հոլովոյթիին կապուած զարգացումները:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն` յայտնելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: