Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Նախագահ Աունին Ներկայացուց Մաքրոնի Եւ Պըն Սալմանի Հետ Քննարկումներուն Մանրամասնութիւնները

December 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Reports: U.S., France, Germany Urge Miqati to Start Dialogue with KSA

French president Emmanuel Macron (L) speaks with Lebanon's Prime Minister Najib Mikati during a meeting at the COP26 UN Climate Change Conference in Glasgow, Scotland, on November 1, 2021. - COP26, running from October 31 to November 12 in Glasgow will be the biggest climate conference since the 2015 Paris summit and is seen as crucial in setting worldwide emission targets to slow global warming, as well as firming up other key commitments (Photo by Brendan Smialowski / AFP) (Photo by BRENDAN SMIALOWSKI/AFP via Getty Images)

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին տարբեր մարզերը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան իրավիճակին վերաբերող զարգացումներուն կապուած խնդիրներ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ քննարկուած հարցերը` Ժետտայի հանդիպումին ընթացքին:

Նախագահ Աուն Միքաթիի հետ քննարկեց նաեւ շարք մը դասաւորումներ, որոնք պէտք է որդեգրուին` անմիջական հարցեր լուծելու նպատակով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակի բացման համաձայնագիրի ստորագրութեան` նկատի ունենալով, որ այդ գրասենեակին կեդրոնը Պէյրութի մէջ է:

Համաձայնագիրը ստորագրեցին արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան տնօրէն Ճոֆրուա Մոնփըթի:

Այս առիթով Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ նախագահ Աունի անձնական ներկայացուցիչ Ժարժուրա Հարտան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակը Պէյրութի մէջ կարելի պիտի չըլլար ստեղծել, եթէ նախագահ Աուն այդ մասին առաջարկ ներկայացուցած չըլլար Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան խորհրդաժողովին ընթացքին:

Հարտան հաստատեց, որ օրին տրուած որոշումը կարեւոր էր` նկատի ունենալով կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի ունեցած պատմական դերակատարութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան պատկանող հաստատութիւններուն աշխատանքներն ու զինուորներուն կարիքները` տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին:

Previous Post

Ցամաքային Փոխադրութեան Եւ Կրթութեան Մարզերը Կը Գտնուին Գործադուլի Եւ Դասադուլի Սեմին

Next Post

French Envoy Urges Lebanon to ‘Do Its Part’ after Paris-Riyadh Initiative

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.