Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ֆրանսական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժան Լուի Պուրլանժի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆրանսացի երեսփոխաններ Քրիսթիան Հութին, Պրունօ Ժոնքուր, Ամելիա Լաքրաֆի եւ Վալերի Թոմաս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Միքաթիի խորհրդատուներ դեսպան Պութրոս Ասաքերն ու երեսփոխան Նիքոլա Նահհասը:
Նշենք, որ ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումի ընթացքին Պու Հապիպ մաղթեց, որ ֆրանսացիները լիբանանեան բոլոր ուժերուն հետ համագործակցին:
Հանդիպումին աւարտին Պու Հապիպ եւ Պուրլանժ յուշանուէրներ փոխանակեցին:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ յայտարարեց ընդհանուր գնման հոլովոյթի բարեկարգման ազգային ռազմավարութիւնը, որ համահունչ է կառավարութեան բարեկարգումի ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ ներդաշնակ` միջազգային ընտանիքին պահանջած բարեկարգումներուն:
«Ընդհանուր գնման հոլովոյթի բարեկարգման ուղին կը փաստէ, որ բարեկարգումները կարելի են եւ անոնք կը ծառայեն քաղաքացիին ու տնտեսութեան շահերուն», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ այս ռազմավարութիւնը մեկնարկի կէտ մըն է` բարեկարգումի անհրաժեշտ դասաւորումները կատարելու` աւելցնելով, որ այդ ռազմավարութիւնը գործադրութեան պիտի դրուի շուրջ վեց ամիս ետք:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյ քննարկուեցան որուն հետ քննարկեց փետրուար ամսուան սկիզբը Միքաթիի Թուրքիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ կառավարութեան օրակարգ պարտադրել եւ իր իրաւասութիւններուն դպչիլ:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան նիստերը պիտի նուիրուին 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումին` աւելցնելով, որ ամավարկը նոր տուրքեր չի պարտադրեր, «ընդհակառակն` տրուած են դիւրութիւններ եւ վճարումներէ զերծ կացուցելու պարագաներ, որովհետեւ կը զգանք քաղաքացիներուն տառապանքը», շեշտեց ան: