Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր սեփական էջին վրայ կ’աւետէէ հայկական դիւանագիտութեան խոշոր յաղթանակը:
«Վերջապէս մեր դիւանագիտութիւնը խոշոր յաղթանակ տարաւ: Միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրեց, որ թուրքազերիական «տանդեմը» Արցախի եւ Հայաստանի դէմ կը կռուի վարձկան ահաբեկիչներու օգնութեամբ: Այսպիսով՝ արցախեան առաջնագիծը կը դառնայ քաղաքակրթական առաջնագիծ: Արցախը կը կռուի միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն թիրախները տարանջատուած չեն աշխարհաքաղաքական սահմաններով:
Այդ ահաբեկչութիւնը հաւասարաբար կը սպառնայ Մ. Նահանգներուն եւ Իրանին, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսային եւ Արցախը, Հայաստանը, հայ ժողովուրդը կը կռուի յանուն համաշխարհային անվտանգութեան ». նշած է Նիկոլ Փաշինեան: