Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի եւս զարգացնելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հետագայ համագործակցութիւնը, յատկապէս` առեւտրատնտեսական կապերը:
Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ուղին:
Հայկական նախաձեռնութեամբ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ վեհաժողովէն իրենց սպասելիքներուն շուրջ: