Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունին հետ: Այս մասին վարչապետը գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:
«Քիչ առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:
«Զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն յայտնելով երեքշաբթի օրուան պայթումին եւ զոհերուն համար` Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւնը առաջարկեցի Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին:
«Լիբանանի կառավարութիւնը այժմ կարիքները կը գնահատէ եւ գնահատման հիմամբ Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ անհրաժեշտութեան որոշումներ պիտի կայացնէ», գրած է վարչապետը:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն շնորհակալութիւն յայտնած է սփոփանքի խօսքերուն համար եւ երախտագիտութիւն յայտնած Լիբանանի կարիքներուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար: Ան տեղեկացուցած է, որ երկրին իշխանութիւնները կը գործադրեն ամէն ջանք` ստեղծուած խնդիրները ըստ կարելւոյն շուտ յաղթահարելու համար: