ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը նկատէ ներեկեղեցական հարց եւ տակաւին կառավարութեան միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը չի տեսներ: «Արմէնփրես»ը կը տեղեկացնէ, թէ «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ այս մասին յայտարարած է վարչապետը՝ նոյն ժամանակ նշելով, որ ոստիկանութեան յանձնարարած է շատ ուշադիր ուսումնասիրել Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին հետ կապուած Վայոց Ձորի մարզին մէջ պատահած վերջին դէպքը:
«Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը որոշակի տհաճ մթնոլորտ կը ստեղծէ այն առումով, որ կը կատարուին դրսեւորումներ, որոնք այնքան ալ հասկնալի չեն: Եթէ բողոքողները իրենց գործողութիւններով որեւէ գիծեր անցած են, անոնք պէտք է յստակ արձագանգ ստանան: Ինչ կը վերաբերի իրավիճակին նկատմամբ կառավարութեան դերակատարութեան, ապա իմ համոզումս է, որ կառավարութիւնը ներեկեղեցական հարցերուն պէտք չէ միջամտէ: Ես զայն կը նկատեմ ներեկեղեցական հարց», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Իր այս տպաւորութիւնը վարչապետը բացատրեց այնպէս, որ վեհափառ հայրապետին հրաժարականը պահանջողներուն մէջ կան նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գործող հոգեւորականներ: Ան կողմերուն կոչ ուղղեց հաւաքուելու եւ քննարկելու գոյութիւն ունեցող հարցերը: