Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, պահանջատիրական մեր պայքարը հետապնդելու ճանապարհին, եթէ ոչ համապարփակ, գէթ՝ համառօտակի, լուսարձակի տակ բերել, յիշատակել հայ ժողովուրդի այն բարեկամները, որոնք աշխարհով մէկ, կարեկցանքի ու դատապարտումի ալիք բարձրացուցին մեր պատմութեան արհաւրալից օրերուն, ի տես հայ ժողովուրդի դէմ կատարուող անիրաւութիւններուն: Նոր սերունդը,երիտասարդութիւնը իրազեկել, խղճի ձայնին անսացող, մարդասիրութեան խորհրդանիշ, հայ ժողովուրդի բարեկամներուն գործունէութեանց: Խղճմտանքի այդպիսի ձայն մըն էր բրիտանացի բազմավաստակ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին:
Այս օրերուն, համաշխարհային պատմագիտութիւնը կը նշէ անցլիացի հռչակաւոր պատմաբան, ընկերաբան Առնոլտ Ժոզէֆ Թոյնպիի մահուան տարելիցը՝ (14 Ապրիլ 1889- 22 Հոկտեմբեր 1975): Լոնտոնի Համալսարանի դասախօս Թոյնպի՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ եւ պատուիրակ մասնակցեցաւ Փարիզի Խորհրդաժողովին( 1919-20 ): Թոյնպի, կեանքին մինչեւ մայրամուտը ծառայեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան (Ֆորէյն Օֆիս): Բրիտանիոյ տարբեր համալսարաներուն մէջ դասաւանդեց պատմութիւն եւ օրէնսգիտութիւն: Թոյնպիին համաշխարհային համբաւ բերաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդի ողբերգութեան մասին « Տի Արմինիըն Աթրոսիթիս. Տը Մըրտըր Օֆ Է Նէյշըն» աշխատութիւնը: Անթիւ են հայ ժողովուրդին մասին Թոյնպիի յօդուածները, հրապարակային ելոյթները: Թոյնպի բուռն կերպով քննադատած է Երիտասարդ Թուրքերու ազգայնամոլ քաղաքականութիւնը եւ պաշտպանած՝ պետականութիւն ունենալու հայ ժողովուրդին ձգտումները: Ըստ Թոյնպիի, անկախ պետականութիւն կերտելու հայ ժողովուրդին ձգտումները արդարացուած են Սան Աթեֆանոյի համաձայնագիրին հաստատումով, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին ինկած ողբերգութիւններով եւ սեփական արժանապատուութիւնը պահպանելու հայ ժողովուրդին ունակութեամբ, որ ապացուցած է անոր «Հրաշալի Յարութեամբ»: Առնոլտ Թոյնպի, իր՝ «History of Muslims» գրքոյկին մէջ կը վկայէ՝ «ՄակեդոնականՍալոնիկիհրեաներըանբաժանմասնիկըկըկազմենԻթթիհատեւԹէրաքքիկուսակցութեան»: Թոյնպի մօտէն կը հետեւէր Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն պատմութեան: 1920-ականներուն ջերմ կողմնակից մըն էր Պաղեստինի մէջ իսրայէլեան պետութեան գաղափարին: Հետագային դարձաւ թունդ հակառակորդ մը:
Առնոլտ Թոյնպի՝ Վիսքաունթ Պրայսի հետ գործակցաբար, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար ( Սեքրըթըրի Օֆ Ֆորէյն Ըֆէյրզ) Վիսքքաունթ Կրէյ Օֆ Ֆոլտընին ներկայացուց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին զուիցերիացի, գերմանացի,իտալացի, շուէտացի հոլանտացի, օտար ականատեսներու վկայութիւններու ամբողջութին մը՝ «Թրիթմընթ Օֆ Արմինիընզ Ին Տը Օթոման Էմփայր» քսան ենթամասերէ բաղկացած, ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը ( 684 էջ): Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ 1916-ին, Լոնտոնի մէջ: Գիրքին մէջ, Թոյնպի վիճակագրական տուեալներով համեմատութիւն մը կը կատարէ նախաեղեռնեան եւ յետեղեռնեան ժամանակաշրջանի Արեւմտահայաստանի բնակչութեան …: Լորտ Պրայս անձամբ գրած է սոյն արժէքաւոր ուսումնասիրութեան նախաբանը: Օրին, թրքական կառավարութիւնը բուռն բողոք բարձրացուց Թոյնպիի այս հրապարակումին դէմ, զայն ամբաստանելով իբրեւ՝ Թուրքիոյ դէմ ատելութեամբ նախապաշարուած եւ անվաւեր ուսումնասիրութիւն: Առ ի պատասխան թրքական կառավարութեան բողոքներուն, Թոյնպի եւ Պրայս գիրքին բովանդակութեան մասին վիճելի կէտերը յանձնեցին պատմաբաններու խղճին: Կառչելով ուսումնասիրութեան մէջ տեղ գտած անհերքելի ապացոյցներուն վրայ,ամերիկացի եւ բրիտանացի պատմաբաններ միանգամայն անվաւեր հռչակեցին Թոյնպիի եւ Պրայսի հասցէին թրքական ամբաստանութիւնները:
Քննադատներ Թոյնպին հռչակած են մեր ժամանակներու մեծագոյն պատմաբանը, պատմագիտութեան նոր ըմբռնման հիմնադիրը: Ժամանակակիցներ, Թոյնպիի ներդրումը արդարօրէն կը համեմատեն գիտութեան մէջ Կոպերնիքոսի, Կալիլէի եւ Տարուինի արձանագրած նուաճումներուն հետ: Թոյնպիի «Է Սթատի օֆ Հիսթըրի» բազմահատոր ուսումնասիրութիւնը կը նկատուի համաշխարհային պատմագիտութեան բարձրագոյն նուաճումը:Այս բազամահատոր աշխատութեան մէջ Թոյնպի կ’ուսումնասիրէ 26 տարբեր քաղաքակրթութիւններու ծնունդը, անոնց զարգացումը եւ քայքայումը:
Առնոլտ Թոյնպիի ուսումնասիրութիւնները հիմնովին խարսխուած են իտէալիստական աշխարհաեյացքներու վրայ եւ տոգորուած քաղաքական եզրակացութիւններով:Առնոլտ Թոյնպի խոր թշնամանք տածած է Մարքսիզմ-Լենինիզմի եւ ընկերվարութեան դէմ: Ճիշդ այդ պատճառով ալ, անոր բազմահազար յօդուածները, ուսումնասիրութիւնները կ’աւարտին հասարակութեան յառաջդիմութեան զարգացման դէմ եւ մարդկային քաղաքակրթութեան կործանման վերաբերեալ մռայլ գուշակութիւններով: Թոյնպիիի կարծիքով, պատմութիւնը մեկուսացած քաղաքակրթութիւններու հաւաքածոյ մըն է, որոնք կարծէք թէ զուգահեռաբար կը ծագին, կ’աճին, կը քայքայուին, ապա՝ կը կործանին: Թոյնպի իր պատմափիլիսոփայութիւնը կ’ամփոփէ այն եզրակացութեամբ, որ ժամանակակից դրամատիրութեամբ պիտի աւարտի մարդկային պատմութեան վերջին շրջապտոյտը: Այս աղիտալի կործանումէն փրկուելու իբրեւ միջոց, Թոյնպի կ’առաջարկէ բաւական տարօրինակ դեղատոմս մը. յարիլ մենատիրութեան, կրօնի, քրիստոնէութեան համայնապարփակ տիրապետութեան: Թոյնպիի քաղաքական հայեացքները վստահաբար ընդունելի պիտի չըլլան շատերուն: Անոնք կրնան ընդգրկել վիճելի եւ անհամոզիչ մտքեր, սակայն եւ այնպէս,չեն դադրիր ըլլալու անոր անձնական համոզումները:
Բաւական տարօրինակ մտքերու կարելի է հանդիպիլ Թոյնպիի ուսումնասիրութիւններուն մէջ. օրինակի համար՝ բրիտանացի պատմաբանը մնայուն կերպով արծարծած է արեւելքի ժողովուրդներու դէմ արեւմտեան մենատիրական ճակատ ստեղծելու գաղափարը: Այսօր, ականատեսը դարձած ենք Թոյնպիի այս տեսութեան: Արեւմտեան պետութիւններ, Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ, քաղաքական, կրօնական ու մարդասիրական պիտակներու տակ կը փորձեն թալանել Արեւելքի բնական հարստութիւնները: Անոնք կը յափշտակեն խաղաղ ապրելու արեւելքի ժողովուրդներուն Աստուածատուր իրաւունքը:
Առնոլտ Թոյնպի շատ հաւանաբար աշխարհի ամենաշատ ընթերցուած պատմաբանն է: Անոր հարիւրաւոր գործերէն շատեր թարգմանուած են երեսունէ աւելի լեզուներու: Մեր պարտականութիւնն է նոր սերունդին, պահանջատէր հայ երիտասարդութեան ծանօթացնելու այն երախտաւորները, որոնց եզակի ուսումնասիրութիւններն ու մատուցած ծառայութիւնները անգնահատելի ներդրում կը հանդիսանան պահանջատիրական մեր պայքարը իրաւական գետնի վրայ հետապնդելու ճանապարհին վրայ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ