ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ՝ բնականաբար միշտ ալ սփիւռքեան փորձառութիւնը եղած է կիզակէտը Վեհանոյշ Թեքեանի գրականութեան, որ աւելի քան հինգ տասնամեակի վրայ կ’երկարի: Քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով սփիւռքահայութեան կացութիւնը փոխուեցաւ նշեալ կէս դարու ժամանակաշրջանին եւ արեւելեան սփիւռքի հայախօս աշխոյժ գաղութները սկսան նօսրանալ եւ մեծածաւալ նոր գաղթականութեան շարժում մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք, յա՛տկապէս՝ Հիւսիսային Ամերիկա, ուր գաղութները աճեցան, սակայն տարբեր ընկերային պայմաններու մէջ: Այս բոլորին արձագանգը, հակազդեցութիւնն ու առթած ապրումները կը գտնենք Վ. Թեքեանի աւելի քան տասը հատորներուն մէջ:
1916ին եւ 1917ին Երեւանի մէջ «Փրինթինֆօ» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, յաջորդաբար լոյս տեսան բանաստեղծուհիէն երկու համադրական հատորներ՝ «Սփիւռքապատում» (1) եւ «Սփիւռքագիր» (2) խորագիրներով: Ասոնցմէ առաջինը՝ Թեքեանի արձակ գործերու մէկ հաւաքածոն է, գլխաւորաբար վերցուած «Ճեղքուած Մանրանկար», «Նշանագիր» եւ «Տոհմածառ» հատորներէն, իսկ երկրորդը անձնական եւ սփիւռքեան փորձառութիւններէն մեկնած իր բանաստեղծութիւններուն մէկ ընտրանին է: Երկու հատորներուն ալ կ՛ընկերանայ գրողին նուիրուած մեծաթիւ յօդուածներու, գրախօսականներու եւ նամակներու շարք մը, որ լոյս կը սփռէ կամ տարբեր տեսակէտներ կը փոխանցէ Վ. Թեքեանի ստեղծագործութիւններուն մասին: Ճիշդ է որ գլխաւորաբար գրաքննադատը հեղինակին վաստակը ուսումնասիրողն է, որ կը հետաքրքրուի այս բաժինով, սակայն քանի մեր մամուլի մէկ կարեւոր բաժինը թուայնացած չէ, ասոնց մէկտեղումը օգտակար կրնայ ըլլալ թէ՛ գրողին վաստակը ուսումնասիրողին եւ թէ պարզ ընթերցողին համար:
Ճիշդ է որ 2000 թուականին Երեւանի մէջ «Հրագիր» (3) խորագիրով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը լոյս տեսած էր բանաստեղծուհիէն, որ մինչեւ այդ թուականը իր հրատարակած բանաստեղծութիւններուն վրայ կը կեդրոնանար, սակայն վերոնշեալ երկու հատորներուն խորագիրներն իսկ բարացուցական են եւ ցոյց կու տան այս գրութիւններուն գլխաւոր առանցքը, որ Սփիւռքն է:
Ամէն պարագայի, Վ. Թեքեան մեր գրականութեան մէջ գլխաւորաբար իբրեւ բանաստեղծուհի պիտի ճանչցուի, սակայն իր արձակն ու քերթողութիւնը մեծ մասամբ անձնական փորձառութեան մեկնակէտը ունին, գրութիւնները «ես»է մը կը մեկնին, եւ ինք չի թաքցներ զայն, եւ կ՛ամբողջացնեն զիրար: Եթէ կարդանք «Ձուկն էր լողում վճիտ ջրում» քիչ մը միամիտ, մանկական երգի խորագրով գրութիւնը, կը տեսնենք հեղինակի կեանքին հիմնական գլխաւոր կէտերը, ուր պատմող «ես»ը ամբողջովին իր եսն է, երկուքը միացած են իրարու: Սակայն այս մէկը կեանքի պատմութիւնն է անձի մը, որ նման է շատ մը սփիւռքահայերու կենսագրութեան: Այսպէս, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան, ռմբակոծումի պատճառաւ հեղինակին տունը կ՛այրի, եւ երբ ակումբի տղոց հետ կ՛երթան տան կացութիւնը ստուգելու, կը տեսնեն, որ հրդեհը մարելու եկած հրշէջները կրակը մարելէ ետք՝ սառնարան, լուացքի մեքենայ եւ այլ իրեր սկսած են իրենց կառքին վրայ փոխադրել, զանոնք գողնալ: Ան միմիայն իր գիրքերը կրնայ փրկել եւ զանոնք տեղափոխել Համրա, ծանօթի մը բնակարանը: Ապա այդ գիրքերը կ՛անցնին Արեւելեան Պէյրութ: Ինք պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը գտնենք ձախողած, դժուար փորձառութեամբ ամուսնութիւն մը: Այս անգամ երկու զաւակները շալկած՝ իր գիրքերուն հետ կը փոխադրուի այլ յարկաբաժին մը… Այսպէս, քաղաքացիական պատերազմ, ծննդավայրի մէջ գաղթականութիւն, Լիբանանէն մեկնում Արեւմուտք, ամուսնութիւն-ամուսնալուծում կը յաջորդեն իրարու: Այս բոլորին մէջ թերեւս ամենայուզիչ բաժիններէն մէկը գրողին յարաբերութիւնն է իր գիրքերուն հետ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Իրենց ճանապարհը կեանքիս ճանապարհը ցուցագծեր է, եւ իրենց փրկութիւնը իմս է» (4): Փաստօրէն ինք փրկած է իր գիրքերը, զանոնք բերելով իր մօտ, սակայն անոնք փրկած են զինք իր կեանքի դժուար պահերուն: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք Ցեղասպանութեան աղէտին ազդեցութիւնն ու անդրադարձը, որ ամէն սփիւռքահայ անձի գիտակցութեան մէջ անկիւն մը միշտ ներկայ է՝ գրողին մտային ու հոգեկան պատկերը կ՛ամբողջանայ:
Այս կացութեան մէկ արձագանգը կը գտնենք «Հօրս Աթոռը» կամ «Մոխիրէ Ծառ» բանաստեղծութիւններուն մէջ: Նշած բանաստեղծութիւններէս առաջինը կը բացուի այսպէս. «Նարինջի գանգուր կեղեւները կախուեր են պատուհանի ձողէն / Խոհանոցին՝ ուր մայրս քարիւղի օճախը կը վառէ, / Կաւէ ամանին մէջ մածունը տաք է դեռ. / Երկար աստիճանը բերանը դրեր է մառանին / Ուրկէ ուրուականներ կը ճախրեն անծայրածիր, ամայի տան մէջ: / Պատերը փլած են քաղաքին ուրկէ արծիւները հեռացան, / Փեղկերը փետտուեցան, հալեցան մայրիի ծառերը, / Եւ յիշատակի հրճուանքը՝ վիրաւոր թռչունի պէս հողէ հող կը թափառի: / Հիմա ամէնքս միասին կը քալենք: Հասկցանք որ երկինքը շատ մեծ է. / Կը քալենք մեր ձեռքերուն մէջ արիւնամած արմատներ բռնած» (էջ 33):
Յարաբերաբար երկար այս մէջբերումը կատարած եմ, որովհետեւ կը յաջողի իր պատկերներով լաւապէս ներկայացնել բանաստեղծուհիին ապրած փորձառութիւնը: Եղածը պահ մըն է ապրող յիշողութեան մէջ, ուր տարբեր կացութիւններ, տարբեր տագնապներ զիրար կը խաչաձեւեն ու կ՛ամբողջացնեն: Նարինջի չորցող կեղեւները կամ կաւէ ամանին մէջի տաք մածունը եթէ Լիբանանի նախապատերազմական աւելի ուրախ, գրողին պատանեկութեան եւ վաղ երիտասարդութեան շրջանը կը ներկայացնեն՝ ասոր անմիջապէս կը հակադրուին այլեւս ամայացած տան մառանէն ճախրող ուրուականները, փետտուած փեղկերը, հալած մայրիի ծառերը, ուր յիշատակի ուրախութիւնը վիրաւոր թռչունի նման երկրէ երկիր կը թափառի: Ինչպէս վերը յիշեցի, ասոր կը յաջորդէ սերունդէ սերունդ փոխանցուած աղէտին առկայութիւնը, վերի տողերուն վրայ աւելցնելով. «Քանի միլիոն դիակներ եւ գերեզմաններու լոյսեր թողուցինք մինչեւ որ հոս հասանք»:
Ցեղասպանութեան պատճառաւ երկրի կորուստի, Լիբանանի մէջ գոյատեւման, Թալասէն սկսեալ արմատներուն կապուած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող զրոյցներու եւ հայ-թուրք անձնական յարաբերութիւններու կապուած զգայնութիւններու եւ լարուածութիւններու ամբողջ ցանց մը կը գտնենք «Տոհմածառ» խորագիրով արձակ գրութեան եւ «Հայոց Պատմութիւն» խորագիրով բանաստեղծութեան մէջ, ինչ որ դարձեալ ցոյց կու տայ հեղինակին անձնական ու ընտանեկան փորձառութիւններուն ներքին յարաբերութիւնը, ինչպէս եւ իր արձակին ու բանաստեղծութեան զիրար ամբողջացնող բնոյթը:
Առաւել, ճիշդ է, որ արձակներու հատորը կը կոչուի «Սփիւռքապատում», սակայն հոն Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հետ կապուած ամբողջ շարք մը կայ, հիմնականօրէն առնչուող Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն: «Բանաստեղծ Թագաւորը» կը պատմէ բանաստեղծուհիին պատանեկան հիացումը Յովհաննէս Շիրազի հանդէպ, անոր գրած իր մէկ նամակին պատճառով ստեղծուած կապն ու նամակագրութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ իրենց հանդիպումները: Բարեբախտաբար, շրջան մը ետք, իր բանաստեղծական ճամբան գտնելով, ան պիտի դուրս գայ շիրազեան ազդեցութենէն: Վարդգէս Պետրոսեանի հետ կապուած հանդիպումը եւ անոր մէկ արտայայտութեան նկատմամբ ընդվզումը (5) այդ օրերու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէկ այլ երեսը կը պարզեն: Պետրոսեան որքան գրող էր՝ նոյնքան խորհրդային քաղաքական գործիչ, եւ այդ երկուութիւնը միշտ ալ ազդած է, յաճախ՝ ժխտականօրէն, իր արտայայտութիւններուն վրայ: Հոս, ինչպէս կ՛անդրադառնանք, Վ. Թեքեանի կողմէ հրապարակագրութեան եւ գրականութեան միջեւ գրելաձեւ մը կը կիրարկուի:
Արձակ գործերուն, մասնաւորաբար «Ճեղքուած Մանրանկար» (6) եւ «Նշանագիր» (7) հատորներէն վերցուած պատումներուն մէջ, ան երբեմն անձնական փորձառութիւններէն դուրս կու գայ, սակայն ասոնք լիբանանեան նախապատերազմական շրջանի եւ պատերազմական կամ հայաստանեան հանդիպումներու շրջանի արագ պատկերներ, լուսանկարներ են (snap shots) եւ չունին զուտ անձնական փորձառութիւնները պատմող գրութիւններուն խորացումը:
Սփիւռքագիր քերթուածներու հատորը բանաստեղծուհին Յուլիոս Սեզարի բառերով երեք մասի բաժնած է՝ «Եկայ», «Տեսայ» եւ «Յաղթեցի» խորագիրներով: Կը հասկնամ որ յաղթեցին այստեղ առաւելաբար յաղթահարելու եւ իրականացնելու իմաստով կը դրուի, սակայն կը կարծեմ, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել՝ «Եկայ», «Տեսայ» եւ «Ապրեցայ», որովհետեւ դժուար, տառապանքով եւ բազմաթիւ կորուստներով ապրուած ճանապարհի մը փորձառութիւնը կը տրուի մեզի՝ անկեղծ, խոստովանական շեշտով մը: Այստեղ «Եկայ»ն գրականութեան իր մուտքին չ՛ակնարկեր, առաւելաբար անձնական, անձնական-ընտանեկան ապրումներու շրջագիծին մէջ կը մնայ, ինչպէս‘ «Եւ Իմ Դիմանկարը», «Մաղթանուագ Հայկին», «Լուսացնցուղ Նայիրիին», «Հօրս Աթոռը» եւ այլն: Հոս գոնէ չորս բանաստեղծութիւն կայ նուիրուած իր մօրը, որ յստակօրէն ամենախոր ազդեցութիւն ունեցող անձը եղած է Վ. Թեքեանի կեանքին մէջ: «Տեսայ» բաժինին մէջ քաղաքներու ու երկիրներու նուիրուած բաժին մը կայ, Յունաստան մինչեւ Փարիզ, Լոնտոն, Կարս, Արցախ ու Տէր Զօր երկարող, ինչպէս եւ իր սիրտին ու միտքին մօտ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու, օրինակ՝ Դանիէլ Վարուժան, Մ. Մեծարենց, Յ. Կարապենց, Ժագ Ս. Յակոբեան, Մուշեղ Գալշոյեան, Վահան Տէրեան, Արշիլ Կորքի: Իսկ «Յաղթեցի»ն հիմնականօրէն երեք ենթաբաժանում ունի՝ «Մոխիրէ Ծառ», «Ասք Երկիւղի Եւ Արարման» եւ «Երկրապատում», որոնցմէ առաջինը Վեհանոյշ Թեքեանի կարգ մը ամենաուժեղ տողերը կը պարունակէ: Այստեղ չեմ ուզեր աւելի լայն քննարկել իր բանաստեղծութիւնները, որովհետեւ այլուր կատարած եմ այդ աշխատանքը (8):
Յամենայն դէպս, հեղինակուհիին գործերուն մէջ կրնանք կարդալ աւելի քան կէս դարու ժամանակաշրջանին ապրուած հայ անհատի ու հաւաքականութեան իրականութեան առնչուող փոփոխութիւնները՝ կապուած կեանքին, Արեւելքէն Արեւմուտք անցնելու կենցաղային պայմաններուն, արեւմտահայերէնի եւ ազգային մշակութային դիմագիծի վտանգումին եւ այլն: Ի զուր չէ, երբ տեղ մը գրագիտուհին կ՛ուզէ, որ իր անձնական գիրքերը Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ ուղարկուին՝ անոնք կ՛առարկեն. «Մենք հո՛ս մեծցեր ենք, մեր հողը հո՛ս է», կ՛ըսեն եւ կ՛աւեցնեն. «Լսած ենք, որ հոն մեր ցեղակիցները անտէր կը մնան» (9): Իսկ այս բոլորէն անդին, Վ. Թեքեանի ստեղծագործութիւնը ժամանակակից հայ կնոջ իրականութիւնը ներկայացնող լաւագոյն խոստովանական քերթողութիւնը կը մնայ:
Այստեղ կ՛ուզեմ աւելցնել, որ հաւանաբար բանաստեղծուհիին առաջին հատորին «Կապոյտ Ապրիլ»ին (10) հրատարակութեան թուականէն մեկնած, Թորոնթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ նշուեցաւ Վ. Թեքեանի գրականութեան յիսնամեակը: Ճիշդ է որ յաճախ չենք խանդավառուիր նման հանդիսութիւններով, սակայն երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ամէն առթիւ կը նշուին գրողներու տարեդարձները, ծննդեան ու մահուան թուականները, Սփիւռքն ալ որոշ չափով պէտք է տէր կանգնի ու գնահատէ իր արժէքները:
1) Թեքեան, Վ. «Սփիւռքապատում», «Փրինթինֆօ», Երեւան, 2016, 462 էջ:
2) Թեքեան, Վ. «Սփիւռքագիր», «Փրինթինֆօ», Երեւան, 2017, 480 էջ:
3) Թեքեան, Վ. «Հրագիր», «Նոր դար» հրատ. Երեւան, 2000, 400 էջ:
4) Թեքեան, Վ. «Սփիւռքապատում», էջ 42:
Խօսքը կը վերաբերի «Արմենիա» թերթին մէջ 12 Մայիս 1984ին լոյս տեսած Վ. Պետրոսեանի մէկ արտայայտութեան, ուր ան կ՛ըսէ. «Մեր միակ հայրենիքը ներկայ Հայաստանն է. ով որ չ՛ընդունիր ասիկա՝ գոյութիւն չունի մեզի համար: Հին քարտէսներ կախելը եւ անոնց նայիլը հաշիշ ծխել է»: Վ. Պետրոսեան յաճախ նման արտայայտութիւններ ունեցած է, շնականօրէն նոյն վերաբերումը ցոյց տալով Եռագոյնին եւ մեր զինանշանին նկատմամբ:
5) Թեքեան, Վ. «Ճեղքուած Մանրանկար», «Սեւան» հրատ. Պէյրութ, 1977:
6) Թեքեան, Վ. «Նշանագիր», Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Լիբանան, 1987:
7) «Վեհանոյշ Թեքեանի Նշանագիրը», «Բագին» ամսագիր, 1987, թիւ 7, էջ 65-70:
8) «Վեհանոյշ Թեքեան՝ Գոյատեւման Վկայութիւնը», «Բագին», 2005, թիւ 4, էջ 4-12:
Իսկ այս օրերուն «Բագին» պարբերաթերթի Վ. Թեքեանի նուիրուած «Բացառիկ»ին մէջ լոյս կը տեսնէ «Աղօթքներ Ուռկանի Մէջ» հատորին գրախօսականը, որ նախապէս Մոնթրէալի մէջ դասախօսութեան ձեւով ներկայացուած է:
9) Թեքեան, Վ. «Սփիւռքապատում», էջ 38:
10) Թեքեան, Վ. «Կապոյտ Ապրիլ», «Սեւան» հրատ. Պէյրութ, 1969: