Յունիս 24ին, Վենետիկի մէջ, «Արեւելեան Կողմն Աշխարհի Խաղաղութիւն Թող Ըլլայ» խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրութիւն կը ներկայացուի: Խորագիրը ընտրած են Դանիէլ Վարուժանի «Անդաստան» բանաստեղծութեան առաջին տողերուն հիման վրայ:
Ըստ NEWS.am-ի՝ բեմադրութիւնը նախաձեռնած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը, որուն աջակցած են բարերարներ Ճոզէֆ եւ Ճեննի Ուկուրլեանները: Մուտքը ազատ պիտի ըլլայ:
Ըստ Վենետիկի թատերական նորութիւններու Cultura Spettacolo Venezia կայքին՝ ներկայացման բեմադրիչը Մարքօ Պելլուսին է, իսկ մասնակիցներէն մէկը՝ Օթաւիա Փիքոլօն, որ 1970ին Քաննի փառատօնին մրցանակ ստացած է լաւագոյն կանացի դերին համար:
Հեղինակները իրենց պատկերացումը կը ներկայացնեն 1915 թուականին սկսած Ցեղասպանութեան մասին: Պիտի ներկայացուին ականատեսներու յիշողութիւնները, հատուածներ հայ, թուրք եւ գերմանացի հեղինակներէ, ինչպէս նաեւ հայկական եւ թրքական ժողովրդական երգեր: Աղբիւրին համաձայն՝ բեմադրութեան սիւժէն ոչ միայն յիշողութեան ներկայացում է, այլեւ երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձ:
Բեմադրութեան պիտի մասնակցին տուտուկահար Արամ Իփեկջեան, ինչպէս նաեւ Gaspard Edesse ձայնային համոյթը՝ Եուստին Ռապաչոլիի ղեկավարութեամբ: