Դոկտ. Մինաս Գոճայեան (*)
Գօշավանք, Գօշ գիւղ, հիւսիսային Հայաստան: Անտառներ, լճակներ, ալպիական երկրի մը բոլոր բարեմասնութիւններով յագեցած դրախտէն փրցուած պատառիկ մը:
Գօշ գիւղը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ նշանաւորուեցաւ իր միջնադարեան վանք-համալսարանով (12-13-րդ դարեր), որուն խորհրդաւոր կամարներուն տակ կը դասաւանդէին լուսամիտ վարդապետներ, կ’ընդօրինակուէին հին մատեաններ ու կը ծաղկէին ձեռագիրներ: Այստեղ է որ ուսուցչապետ Մխիթար Գօշ կը գրէր հայ աշխարհի եւ առհասարակ միջնադարու իրաւաբանական ուսմանց գլուխ-գործոցներէն մէկը՝ «Դատաստանագիրք»ը, որ աշխարհիկ եւ հոգեւոր կեանքը կարգաւորող օրէնքներու կուռ ժողովածու մըն է:
– Առաջին իսկ այցելութենէն մենք սիրահարուեցանք հայ բնաշխահի այս գողտրիկ անկիւնին,- կ’ըսէ Ասպետ Փողարեան, որ իր կնոջ՝ Այդային հետ արեան կանչով մեկներ էին հայրենիք՝ քար մը եւս աւելցնելու մեր հայրենի պալատին վրայ:
Ցանկութիւնը վիպապաշտ զոյգի մը լոկ հովուերգական կեանքի փորձառութիւնը ունենալը չէր, եւ յետոյ վերադառնալ ԱՄՆ եւ ընկերային հաւաքոյթներուն ցոյց տալ բարեկամներուն եւ լսել անոնց հիացական արտայայտութիւնները: Ո՛չ, նպատակն այլ էր՝ ապրիլ հողին վրայ, զգալ հողի եւ ջուրի համար մաքառող լեռնցիի մը կեանքը, ապրիլ քարէն հաց հանել փորձողի մը առօրեայով, անոր հետ կռուիլ բնութեան տարերքներուն դէմ, երբ անճրկած պետութիւն մը անտեսած կը թուի ըլլալ հայուն ցաւը1
– Ուզում էինք մենք էլ լինել նրանց՝ գիւղի բնակիչների մի մասը, ապրել նրանց հետ, եւ նրանք զարմանում էին, որ մենք Ամերիկան թողած եկել ենք Գօշ մի բան անելու…
Ո՛չ. ով եղած է իսկական հայ գիւղի մը մէջ, ա՛ն միայն կը հասկնայ թէ բոլորովին պէտք է մոռնայ որ Ամերիկայի կամ Արեւմուտքի մէջ ինք տուն-տեղ ունի, տաք ջուր, պաղ ջուր, ջեռուցում, հանգստաւէտ զուգարան… : Եւ Փողարեան զոյգը իրենց վաթսուններու սեմին որոշեց «բան մը փոխել» թէ՛ իրենց եւ թէ՛ այս գիւղին կեանքին մէջ:
Փողարեան Ասպետը Եթովպիայէն ղրկուեր էր Կիպրոսի ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ երկրորդական ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու համար, իսկ Այդան՝ Իրանի եօթանասունականներու ընկերա-քաղաքական շարժումներու եւ յեղափոխութեան պատճառով ղրկուեր էր նոյն վարժարանը: Այստեղ անոնք հանդիպեր էին ինչպէս բոլոր իրենց տարիքի տղաքն ու աղջիկները, շիկնելով նայեր էին իրարու աչքերուն մէջ, միասին մասնակցեր էին արտադասարանային գործունէութիւններու՝ երգչախումբ, մարզական խաղեր, արի-արենուշական շարժում, եւ այս բոլորը՝ բարձրորակ կրթական ծրագրի մը մէջ ընդելուզուած: Հանգամանքները Ասպետին տարեր էին ԱՄՆ, իսկ Այդային՝ Հայաստան (Երեւանի Պետ. Համալսարան), ապա ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգը եղեր էր իրենց վերջին հանգրուանը եւ պատահեր էր ինչ որ պատահեր էր այլ Մելգոնեացի զոյգերու հետ՝ կազմեր էին տիպար հայ ընտանիք:
Յաջողեր էին իրենց ասպարէզներուն մէջ եւ ատենը եկեր էր գործնականօրէն նուիրուիլ հայրենաշինութեան:
Փողարեանները անդամ էին լեռնագնացներու միութեան մը եւ իրենց համար նորութիւն մը չէր չարքաշ կեանքը վայրի բնութեան մէջ, հետեւաբար կամաց-կամաց կը սկսի գիւղական կեանքին վարժուելու գործընթացը՝ նստիլ-ելլել տեղացիներուն հետ, լսել զանոնք, մասնակից դառալ ամէնօրեայ հոգսերուն, խնդիրներուն, բայց ամէնէն կարեւորը՝ զբաղիլ Գօշի բնակիչներու եւ դպրոցական երախաներու առօրեայով:
– Շուտով պարզուեց որ,- կը պատմէ Այդան,- բժշկական խնամքի անհրաժեշտութիւն կայ, դպրոցականները ատամների լուրջ խնամքի պէտք ունեն, առաւել եւս խնամքի միջոցների:
– Եւ դիմեցինք մեր շրջանակին,- կը շարունակէ Ասպետ,- հաւաքելով անհրաժեշտ նիւթական միջոցները՝ «զինուեցանք» նուազագոյն առողջապահական իրերով, վրձին-խոզանակ, ատամի մածուկ, մարզական իրեր եւ անցանք գործի…
Փողարեանները այս ամառ Գօշի մէջ դարձեր էին իւրայատուկ բուժաշխատողներ: Տղաքն ու աղջիկները կարճ ատենուան մէջ կը զգային որ բան մը փոխուած է իրենց կեանքին մէջ – ատամները սկսեր էին փայլիլ, ունէին փինկ-փոնկի (սեղանի թենիս), ֆութպոլի, պատմինթոնի եւ վոլի-պոլի իրերը, իսկ գետեզերքը պզտիկ տարածք մըն ալ մաքրուելով վերածուեր էր…ֆութպոլի դաշտի:
Յաջողած էր Գօշի մէջ տեղաւորուելու եւ հայրենակիցներուն հետ մերուելու գործընթացի առաջին փուլը: Կը մնար ամրագրել եւ աւանդութեան վերածել վերածնունդի մը արժէքը ունեցող այս նախաձեռնութիւնը:
Ասպետն ու Այդան, եւ բնականաբար իրենց շրջանակը, որուն մէջ կային Մելգոնեան վարժարանի շրջանաւարտներ, արդէն ծրագրած են խորացնել եւ մշակել լուրջ նախագիծեր: Հարկաւոր էր պատմական այս գիւղը դարձնել ինքնաբաւ, որպէսզի դպրոցն աւարտող երիտասարդը չլքէ հայրենի չքնաղ բնակավայրը եւ չերթայ Ռուսաստան ու «խոպանչի» դառնայ՝ երբեմն մոռնալով տուն, տեղ, հարազատ, նոյնիսկ կին ու զաւակ…: Սա արիւնահոսութիւն էր պարզապէս: Ուրեմն հարկաւոր է աշխատատեղիներ բանալ, հազարաւոր զբօսաշրջիկներու համար մէկ-երկու օր Գօշ մնալու նախադրեալներ եւ խթաններ ստեղծել հիւրատուներու շնորհիւ…: Ի վերջոյ՝ ինչո՞վ տարբեր է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանը Զուիցերիայէն եւ Աստրիայէն, պարզապէս կամք, հաւատք եւ վճռակամութիւն էր պէտք:
Ներդրումները քաջալերելի են անկասկած, բայց Երեւանը չէ՛ միակ կեդրոնը, ատիկա շատ դիւրին տարբերակ է, խիզախութիւնը հայ գաւառին մէջ ներդնելն է, ի վերջոյ հայ գիւղաբնակներն են բերք ու բարիք ստեղծողները, բազմաթիւ զաւակներ բերողները եւ քիչով գոհացողները:
Փողարեանները Գալիֆորնիայէն դուրս Տաւուշի մարզի Գօշ գիւղն են դարձուցեր իրեն երկրորդ բնօրրանը՝ ՆՈՐ ՏՈՒՆԸ:
«…ԱՆ մեզ տուաւ նահատակուած մեր ցեղին
Զաւակները լաւագոյնը ու բարին…»
կ’երգուէր ամէն առտու դասաւանդութիւնը սկսելէն առաջ՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (ԱՆ) շէնքին առջեւ: Այդ զաւակներէն են Ասպետ եւ Այդա Փողարեանները եւ ուրիշներ, որոնց մասին գրած ենք ու պիտի գրենք՝ ի ցոյց տալու հայութեան թէ քանի՜ քանի Փողարեաններ պիտի ունենայինք, եթէ 2005-ին փակելու հրաման չտային «լուսոյ այս տաճարին»:
– Գործը դեռ առջեւումն է,- կ’ըսեն Ասպետն ու Այդան,- որովհետեւ մենք հիմա մեր ամբողջ կարելին պիտի ընենք, որպէսզի «քոյր» բնակավայր մը գտնենք Զուիցերիոյ մէջ:
(*) ՄԿՀ հայերէնի նախկին ուսուցիչ