Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վերամուտի Մտորումներ

September 25, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Սլաք Ըսե՞մ Թէ՞ Չ՛ըսեմ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Կրթական վերամուտը կը սկսի որոշ պայմաններու մէջ, որոնք տարբեր պատճառներով գոյացած են:

Երկրի տնտեսական տագնապը, Հայաստան ներգաղթը, արտասահման արտագաղթը, դէպի անձնական եւ ձրիավարժ օտար վարժարաններ հոսքը զգալիօրէն մեծ ազդեցութիւն ունին այսօրուան դպրոցական մեր համակարգի անկումին վրայ: Այսօր մեր դպրոցները թիւի, ձեւի եւ որակի փոփոխութիւն պիտի ունենան:

Ղեկավարման եւ եղածը փրկելու ու պահելու արտակարգ աշխատանքի կարիք կայ: Ինքնագոհ եւ ամէն բան բնական տեսնելու մօտեցումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Մենք լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:

Սիրելի՛ պատասխանատուներ, մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, մեր ինքնուրոյն եւ ճառագայթող դիրքը պահելու յանձնառութիւնը պէտք է ունենանք: Բոլորս միասին հաւանաբար չենք կրնար վնասները նուազագոյնի իջեցնել այսօրուան պայմաններուն մէջ: Գոյութիւն ունեցող կարողականութիւնը պէտք է առաւելագոյնս օգտագործել:

Բոլորս ալ պատասխանատուներ ենք եւ բոլորս ալ մեր եսէն անդին պէտք է մտածենք: Այսօրուանով ինքնագոհ ըլլալը չի բաւեր: Վաղուան մասին պէտք է մտածել: Ո՞վ պիտի շարունակէ լիբանանահայութեան ջահը բարձր պահել: Ուսուցիչ, կուսակցական գործիչ, ազգային բարերար թէ հասարակական միութենական աշխատողներ: Վերամուտը մշուշոտ է. թիւերու պատկերը պէտք է յստակացնել` լուծումներու մասին միջոցներ ձեռք ձգելէ առաջ: Անձնական ճիգերով նաեւ պիտի հաւաքեմ տուեալներ` օտար վարժարաններ յաճախողներուն վերաբերեալ.  նպատակը միայն մատնանշելը չէ անշուշտ, այլ լուծումներ որոնելն է: Հաւաքական եւ պատասխանատու քայլերով կարելի է դեռ եղածը փրկել: Մենք բոլորս միասնաբար տակաւին ընելիք ունինք: Մեր գաղութը ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ սփիւռքի եւ Հայաստանի հանդէպ յանձնառութիւններ ունի: Բոլորս ձեռք- ձեռքի պէտք է լուծումներ որոնենք վարդահեղեղ արշալոյս մը ապահովելու համար:

 

Previous Post

IMF says Turkey economic recovery fragile, rate cuts should end

Next Post

«Պէտք Է Գիտակցիլ Լիբանանի Ընձեռած Իւրայատկութիւններուն, Որոնք Լիբանանահայութիւնը Դարձուցած Են Յառաջատար Համայնք` Ամբողջ Սփիւռքի Մէջ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.