ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Բնականաբար մեր ապրած անբնական պայմաններուն մէջ անբնական վերամուտ մը կը սպասէ մեզի:
Տնտեսական ճնշող մթնոլորտ, երկրի անորոշ կացութիւն, հոգեբարոյական խառնաշփոթ զգացումներ, Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ տակնուվրայ վիճակ… այս բոլորին մէջ պիտի դիմաւորենք աննախընթաց վերամուտ մը:
Հայ ուսուցիչը` զրկուած բոլոր իրաւունքներէն, հայ աշակերտը` հոգեբանական ծանր պայմաններու մէջ, հայ ծնողքը` հայ դպրոցին կառչած մնալու իր որոշումը սրտին ու մտքին մէջ, սակայն իր հոգին տեղ մը պարպուած եւ բոպիկացած է` արժէքներու հանդէպ սէր ու յարգանքէ:
Այս տակնուվրայութեան մէջ ինչպէ՛ս սկսիլ կրթական վերամուտ մը, երբ չենք գիտեր ինչպէս նախահաշիւ պիւտճէ պատրաստել, ինչպէս 52 շաբթուան կրթական ծրագիրի իրագործումը կատարել, ինչպէս այսքան երիտասարդ մարդուժի արտահոսքին դիմաց ուսուցչական լաւ կազմ ձեւաւորել, ինչպէս հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպել, ինչպէս ծնողներէն գումար պահանջել, երբ գրենական նուազագոյն պիտոյքները ապահովելու դժուարութեան դէմ յանդիման կանգնած են անոնք:
Այո՛, շատ դժուար եւ անկիւնադարձային օրերու մէջ ենք ազգովին, իսկ լիբանանահայութիւնը` մասնաւորաբար:
Կը զարմանամ, երբ լսեմ, թէ հայրենիքէն ու սփիւռքի զանազան գաղութներէն լիբանանահայութեան օժանդակութիւններուն հանդէպ վերապահութիւններ կան:
Կը զարմանամ, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը ամբողջ տասնամեակներ Հայաստանի եւ Արցախի ամէն մէկ գիւղին, դպրոցին, գաղթականին թէ նահատակին մասին մտածեց, գործեց եւ անկարելի կարելի ըրաւ, որպէսզի անոնց հասնի, որպէսզի հայրենիքի մէջ գտնուող իր եղբայրը երբեք առանձին չզգայ: Իսկ այսօր, երբ Դիմատետրի էջերուն վրայ կը տեսնենք շռայլ հարսանիքներն ու խրախճանքները, միւս կողմէ հայրենիքի ու սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ լիբանանահայութեան ապրած մղձաւանջային դժուար պայմաններուն նկատմամբ կը դրսեւորուի լուռ դիտողի դիրքորոշումը, շատ նեղացուցիչ եւ ընդվզեցուցիչ հոգեվիճակ մը կը ստեղծէ անպայման:
Կեանքի մէջ ամէն բան փոխադարձ է, մանաւանդ ծանր պայմաններու մէջ, այս տրամաբանութեամբ ալ լիբանանահայը իր հայրենակիցներէն ակնկալութիւններ ունենալու, անոնցմէ նուազագոյն հետաքրքրութիւնն ու գուրգուրանք ստանալու, նոյնիսկ բարոյական եւ ոչ նիւթական նեցուկի կարիքը ունի եւ կը սպասէ:
Մեր կառոյցները պահելն ու երթը շարունակելը մեր ուժերէն վեր է: Մեր միութիւնները միայն մեր ճիգերով չեն պահուիր: Մեր կրթական եւ կրօնական օճախներու գոյերթին համար Հայաստանի եւ սփիւռքի նեցուկին կարիք ունին: Պէտք չէ ամէն անգամ կոչ ուղղենք: Պարզուած կացութիւնը ինքնին մնայուն կոչ պէտք է ըլլայ բոլորին: Նոյնիսկ Լիբանանի մէջ գտնուող մեծահարուստները լիբանանահայութիւնը պահելու եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորելու առումով պէտք է անսակարկ ու շարունակական ներդրում կատարեն:
Այլապէս բոլորս պիտի տուժենք, եւ մնացածն ալ պահելը հարցականի տակ է:
Եւ շարունակելը անհնար պիտի ըլլայ:
Վերամուտը լաւ դիմաւորելու եւ յաջողութեամբ, լաւատեսութեամբ սկսելու համար պէտք է թափ ու թռիչք տանք մեր աշխատանքներուն ու երբեք չյանձնուինք:
Հորիզոնին վրայ կ՛երեւին դժուարութիւններու կրկնապատկութեան եւ կացութեան առաւել եւս ծանրանալու ներքին ու արտաքին բոլոր պայմանները: Սակայն վերակազմակերպուելու եւ ուժերը հաւաքելու կամքն ու կորովը կրնան յոյսի եւ լոյսի նշաններ տալ, բայց եւ այնպէս պէտք չէ ուշանանք արագ, շօշափելի եւ արդիւնաբեր քայլեր առնելու: