«Գանձասար»- Հայ երեք համայնքապետներ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան,Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, վերականգնումի եւ վերաշինութեան ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, ստուգման եւ օրհնութեան յաջորդական այցելութիւն տուին հայ համայնքի երեք եկեղեցիներուն՝ Էմմանուէլ եկեղեցի (Մունշիէ), Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի (Սալիպէ) եւ Մայր Գթութեանց Աթոռանիստ եկեղեցի (Թիլէլ):
Սուրիական պատերազմի ընթացքին վերոնշեալ երեք եկեղեցիներն ալ, այլ եկեղեցիներու եւ համայնքային կառոյցներու կարգին, վնասներ կրած էին: Վերաշինութեան աշխատանքներու ընթացքին ծանօթանալու եւ իրազեկ ըլլալու անհրաժեշտութենէն մեկնելով, անոնք նախ այցելեցին Հայ Աւետարանական վերանորոգուող եկեղեցի, ուր Վերապատուելին բացատրեց գործին ընթացքը: Ապա անոնք միասնական օրհնութեան աղօթք մատուցին: Այցելութեան յաջորդ վայրը Հայ Առաքելական Մայր եկեղեցին էր, ուր Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին ներկայացուց նորոգութեան գործընթացը եւ նոյնպէս աղօթքի մատուցում կատարուեցաւ: Այցելութեան երրորդ վայրը Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցին էր, ուր Գերապայծառը լուսաբանութիւններ տուաւ: Այստեղ վերաշինութեան աշխատանքները յարաբերաբար նոր սկսած էին: Դարձեալ յատուկ արարողութիւն եւ աղօթք կատարուեցաւ: Այս եզակի այցելութեան առիթով համայնքապետներն ու պրն. հիւպատոսը մաղթեցին, որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի երկրէն ներս ու բարիով աւարտին հասնին վերականգնումի ծրագիրները: Աղօթքի ու հաւատքի տուները միշտ պայծառ մնան եւ Տիրոջ շնորհքով լուսաւորեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը: