֍ Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ղօղանջը թաւաձայն հնչեց եւ վերջին անգամ ըլլալով Ս. Խորան բարձրացուց լուսահոգի Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանը։
֍ Յընթացս Ս. Պատարագին, վերջին օծման եւ թաղման կարգը գլխաւորեց Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը։ Վախճանեալ հայր սուրբին դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ Ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր հոգեթով շարականներու երգեցողութեամբ սրբազանը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց հանգուցեալ հայր սուրբին ճակատն ու աջը։
֍ Դամբանականէն ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրացան ու վերջին հրաժեշտը տուին հոգելոյս հայր սուրբին՝ անոր օծեալ ճակատն ու աջը համբուրելով։
֍ Ս. Պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ Գերեզմանի Կարգը, ինչպէս նաեւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։