ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լրագրող Գայիանէ Սարիբէկեան կը յայտնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութենէն հրաժարածներու թիւը վերջին տարիներուն շեշտուած կերպով աճած է: Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութենէն լրագրողին տրամադրուած տուեալներու համաձայն՝ 2017-ի դրութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարելու վերաբերեալ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան դիմած են 3823 քաղաքացիներ:
Նշենք, որ 2012-ին քաղաքացիութենէն հրաժարելու 968 դիմումներ ներկայացուած են, 2013-ին՝ 1461, 2014-ին՝ 2407, 2015-ին՝ 2487, 2016-ին՝ 3863, 1 Դեկտեմբեր 2017-ի դրութեամբ՝ 3823 դիմում: 2012ի ընտրութիւններէն մինչեւ 2017-ի ընտրութիւնները, երբ դարձեալ իշխանութեան եկած է Հանրապետական կուսակցութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարած են 15,009 քաղաքացիներ: