Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Վեց  երիտասարդ միաբաններ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացան

October 17, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Վեց  երիտասարդ միաբաններ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացան
Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլճեանին։
Եկեղցեւոյ ատեանին մէջ, Շահան սրբազանը ընծայեալներուն կատարեց հաւատքի քննութիւն։ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան ծնկադիր շրջապատած ձեռնադրիչ սրբազանը՝ նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով հայրապետներուն։ Ապա, հինգը միասնաբար արտասանեցին Հաւատոյ Դաւանանքը։ Արդարեւ, ընծայեալները Վարդապետական չորս աստիճաններու ստացումով, նորոգեցին իրենց ուխտը հոգեւոր ծառայութեան եւ խոստացան ամբողջանուէր քարոզել Տիրոջ Աւետարանը՝ մեր ժողովուրդի փրկութեան համար:
Արարողութեան աւարտին, Շահան Արք. յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ իր շնորքը կ՚առատացնէ մեր սուրբ եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ, ձեռնադրութեանց շնորհաբաշխութեան ճամբով կը լուսաւորէ եկեղեցին եւ նորոգուած ուխտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանոթեան շարքերէն ներս Աւետարանի քարոզիչներ կ՚ընտրէ, որպէսզի Տիրոջ խօսքը մեր ժողովուրդին փոխանցէ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Աթոռիս ազգընտիր հովուապետին, որուն տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ օր մը առաջ տեղի ունեցած էր վարդապետական աւարտաճառերու պաշտպանութիւն եւ այսօր, դարաւոր մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կը կատարուի աբեղայական կուսակրօն քահանայութենէն ետք, Տիրոջ խօսքը քարոզելու համար Վարդապետական չորս աստիճաններու շնորհում։ Սրբազան հայրը մեկնելով Պօղոս առաքեալի խօսքէն, թէ «ամօթ չեմ համարեր Աստուծոյ Աւետարանը քարոզել, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է եւ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող» (հմմտ. Հռ 1.1, 16), բացատրեց Աւետարանին գիրք հասկացողութենէն անդին փրկագործական նշանակութիւնը՝ ընդգծելով «Տիրոջ խօսքը նոյնինքն Տէր Աստուածն է, Իր Արքայութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ մարդկութեան Փրկիչը, Տիրոջ փառքն ու շնորհքն է, Տիրոջ լոյսն ու մեր յոյսն է»: Ան թելադրեց հոգեշնորհ վարդապետներուն վայել ձեւով ապրիլ Աւետարանի ճշմարտութիւնը եւ հաւատքով համարձակօրէն քարոզել, ուսուցանել, պայքարիլ եւ կեանքը զոհաբերել։
Ս. Պատարագէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նորընծայ վարդապետները եւ փոխանցեց իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան նոյն օրը վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացաւ իր ծառայութեան կոչուած թեմի Ս. Յակոբ առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ (Գանատա), ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։
Previous Post

European roundup: Mbappé denies PSG exit reports, Union Berlin extend lead

Next Post

Ո’չ մէկ կաթիլ չվատնուեցաւ ի զուր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.