Լեւոն Շառոյեան
Մենուա Յովհաննիսեանը (որդին՝ «Հայ ասպետ» մրցաշարի համակրելի հաղորդավար տիկ. Կարին Տօնոյեանին) արցախեան վերջին պատերազմի հազարաւոր զոհերէն մէկն էր: Շուրջ 6000 երիտասարդ նահատակներէն միա՜յն մէկը…: Կրա՛կ ինկաւ անոր տան մէջ, այնպէս ինչպէս կրակ ու սուգ ինկաւ հայրենի վեց հազար այլ տուներու մէջ…: Կ՛արիւնին տասնեակ հազարաւոր սրտեր, վիշտը համատարած է Հայաստանի ամբողջ տարածքին…:
Թող իւրաքանչիւր հայ շեշտակի՛ նայի նահատակ Մենուայի լազուարթ աչքերուն մէջ ու հարց տայ, թէ ինչո՞ւ զոհուեցան այս տղաքը…: Մեր հայրենիքին ու Արցախեան աշխարհի շուրջ թաւալող ամօթալի դէպքերն ու իրադարձութիւնները, մանաւա՛նդ հողային զիջումներն ու հայրենի քարտէսին բեկոր առ բեկոր բզքտումը (Վարդենիսի կողերէն մինչեւ Հատրութ ու Սիւնիքի բարձունքներ), ունի՞ն որեւէ արդարացում: