ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԱՇԵԱՆ
«Վէրնիսաժին մէջ» գրութեանս սրտացաւ արտայայտուած էիք բոլորդ, որ ընթերցած էիք։ Անկեղծ ըլլալու համար այդ մէկ մասն էր միայն այդ օրը պատահածին, այդ օրը շատ ծանր օր էր, այդ բոլորը մէկ օրուան մէջ կարելի՞ էր պատահիլ… Պատահեցաւ…
Ուզեցի յաջորդ օրն իսկ տեղադրել Վէրնիսաժէն դուրս պատահածը, բայց զգացի, որ նախաբան մը պէտք ունի։ Ինծի համար շատ դժուար է գրել այս բոլորը, ես չափազանց լաւատես եմ եւ կը հաւատամ, որ այդ լաւատեսութիւնը փոխանցելով կարելի է բարին սերմանել, բայց… գոյութիւն ունի իրապաշտ հայրենասիրութիւն, որ առողջ է, եւ մենք անոր պէտք ունինք։ Ես միշտ գովերգած եմ մեծէն փոքր բոլոր յաղթանակները, զարգացումը, յառաջխաղացումը հայրենիքի մէջ, խանդավառած եմ աշակերտներս հայրենիքով, սակայն արդար չէ տեսնել անարդարը եւ չանդրադառնալ այդ մասին… Ո՞ւր է մեր հայրենասիրութիւնը, ո՞ւր է մեր առողջ դատողութիւնը, առանց անոնց ինչպէ՛ս կարելի է օգտակար ըլլալ հայրենիքին։ Այն ինչ որ պիտի ներկայացնեմ բացարձակ ճշմարտութիւն է առանց մէկ բառ աւելցնելու կամ պակսեցնելու… Այս մասին մենք բոլորս գիտենք, կը խօսինք, լսած ենք, բայց… Հասկնալի է։
Անցեալ տարի պատերազմը ամբողջովին ոչ միայն կոտրեց, այլեւ փշրեց զիս… Այդ օրուընէ առաջին անգամ՝ ես այսօր միայն կրցայ աշակերտներուս խօսիլ բարոյական, հոգեկան յաղթանակներու մասին, որովհետեւ շաբաթէ մը Վարդանանց տօնն է Երուսաղէմի մէջ, եւ ես Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը կը բացատրէի, նոյնիսկ արցունքներս չկրցայ զսպել դասարանին մէջ։ Տարի մը ու աւելի լռած եմ պարզապէս, հայրենասիրական երգ մը անգամ չեմ կրցած երգել այս ամբողջ ընթացքին։ Ոչ միայն հոգեկանս քանդուած է, այլ ամբողջ աշխարհը քանդուած կ՚երեւի աչքիս, սուտի ու շողոքորթութեան աշխարհ։ Այո՛, մեր ԶԻՆՈՒՈ՛ՐԸ ՅԱՂԹԵՑ, բայց մեր երկիրը չարաչար պարտուեցաւ ու դեռ կը պարտուի…
Սակայն արդե՞օք իր կարգին պարտութիւն չէր իմ տեղադրած պատմութիւնս «Վէրնիսաժին Մէջ», արդեօ՞ք պարտութիւն չէ ինչ որ հիմա պիտի տեղադրեմ «Վէրնիսաժէն Դուրս»։
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ, որ 1988ի երկրաշարժէն մինչեւ այսօր, այսքան տարի ետք տակաւին ոչ միայն տնակներու մէջ ապրող, այլեւ անտունիներ ունինք…
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ, որ փողոցներուն մէջ ամէն անկիւնադարձի մուրացկաններ ունինք…
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ, որ աղբամանին մէջ հաց փնտռող ծերունիներ ունինք…
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ, որ հարիւրաւոր անպաշտպան հայուհիներ նոյնիսկ թշնամիին երկրին մէջ անբարոյականութեամբ կը զբաղին, որ կարենան իրենց ընտանիքները պահել…
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ, որ աղքատ փոքրիկներ առանց դպրոցի՝ փողոցները կը մեծնան… երբ ծնողներ իրենց զաւակները մուրացկանութեան կ՚առաջնորդեն…
Արդեօ՞ք պարտութիւն չէ երբ երկրին մտաւորականն ու արուեստագէտը կը ձգեն երկիրն ու կը հեռանան…
Արդեօ՞ք… Արդեօ՜ք… Արդեօք…
Արդեօ՞ք սիրտս պիտի դիմանայ այսքան ցաւին…
ՎԷՐՆԻՍԱԺԷՆ ԴՈՒՐՍ…
…Տակաւին եօթանասունամեայ երգչուհի ուսուցչուհիին ձայնն է ականջիս, խանգարիչ ոստիկանին կոպիտ միջամտութեամբ … Կ՛ուզեմ փոխել տրամադրութիւնս: Գեղեցիկ նկար մը գնած եմ ու ճամբորդութեանս ընթացքին անվնաս պահելու համար, երկար ու կլոր տուփի մը պէտք ունիմ: Կը մտնեմ պէտք եղած խանութը ապա կ՛ուղղուիմ տուն: Հեռու չեմ տունէս, ծանօթ եմ ճամբուս վրայ գտնուող նոյնիսկ ամէն մէկ քարին. ահա պլպլակը, որմէ ժայթքող անզուսպ ջուրը կը թրջէ անցորդները: Առաջին անգամ ըլլալով չեմ տեսներ ու կը փնտռեմ միշտ անոր կողքը նստած, պլպլակին տէր ու տիրական դարձած, ձեռքը՝ համարձակ անցորդներուն երկարող տարեց տիկնոջ… սակայն քանի մը քայլ անդին, անկիւնադարձէն հասնող աղմուկը կը շեղէ ուշադրութիւնս եւ ահա կը տեսնեմ զինքը, բոլորովին խեղճացած, դողացող շրթներով ու երդում պատառ ըլլալով կը փորձէ արդարանալ, թէ հաւաքած մինչեւ վերջին դրամը յանձնած է … ակամայ ունկնդրելով հայհոյանքներու բացուած անախորժ տոպրակը իր խօսակիցին՝ կը մօտենամ տակաւին Վերնիսաժին մէջ պատահածին ազդեցութեան տակ, եւ միամտութիւնը կ՛ունենամ, որ փողոցային վաշխառուն կրնայ ամչնալ կամաց-կամաց իր շուրջը հաւաքուող բազմութենէն… սակայն ի՜նչ ամչնալ, ամչցողն ով էր, ահա ձեռքը կը բարձրացնէ ու … թէեւ չեմ հասնիր հարուածը կանխելու, բայց անպաշտպան ալ չեմ ձգեր վարձուած մուրացկանը. չեմ գիտեր ինչպէս նկարին համար գնած տուփս կը բարձրացնեմ ու կ՛իջեցնեմ ”վաշխառույին” քիթին բերնին…
Քիթը բերանը ձեռքով սրբելէ ետք, գազանացած կողմս դարձաւ, դեռ անգիտակ թէ հարուածը որմէ՞ եկած էր, չնայած ձեռքիս մէջ նկարի տուփը կը մատնէր թէ ո՞վ էր հարուածողը… Հայհոյանքներու շարան մը տեղաց…
”Տէր լոյս իմ եւ կեանք իմ ես յումմէ՞ երկեայց……” Սաղմոսին տողերը կրկնուեցան մտքիս մէջ, ես այդքան քաջ երբեք չէի եղած, ինքնավստահ ըսի.
-Անկիրթ, ինչպէ՛ս կը համարձակիս… շան սատակ ընել կուտամ քեզի, դուն չես գիտեր թէ ես ո՛վ եմ… կոտրի այդ ձեռքդ որմով այս կնոջն ապտակեցիր…
Բայց ո՞վ էի ես…
Ով որ ալ էի, Վէրնիսաժին մէջ թէ Վէրնիսաժէն դուրս՝ տեսածս շատ- շատ էր…
(Ձեզմէ շատեր կարծեցին թէ ես Երեւան կը գտնուիմ, երա՜նի, շատ կարօտցած եմ… «Վէրնիսաժէն Ներս» եւ «Վէրնիսաժէն Դուրս» նոր չեմ գրած, անոնք հրատարակուած են «Փոքրիկ Աղջիկը Մեծ Երազով» գիրքիս մէջ։ Բայց այսօրուան նախաբանը ինչպէս կը տեսնէք այսօր գրած եմ)։