ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` 2 Դեկտեմբերին ստորագրած հրամանագիրին հիման վրայ, Վիտալի Միխայիլի Բալասանեան նշանակուեցաւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար:
Նշանակման առիթով Ա. Յարութիւնեան ընդունեց Վիտալի Բալասանեանը: Անոնք քննարկեցին ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: