Ռուսիա մշտապէս կատարած, կը կատարէ եւ պիտի կատարէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ Հայաստանի նկատմամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ծննդեան օրուան առիթով ռուսական պետական հեռատեսիլի կայանին՝ «Ռոսիա1»ին տուած հարցազրոյցին:
« Ինչպէս յայտնի, է Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է, եւ Հայաստանի առջեւ ունինք որոշակի պարտաւորութիւններ՝ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ: Սակայն ռազմական գործողութիւնները, որոնք ցաւ ի սիրտ, կը շարունակուին, տեղի չեն ունենար Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները կատարելուն, ապա մենք միշտ կատարած, կը կատարենք եւ պիտի կատարենք մեր պարտաւորութիւնները: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի վարչապետին հետ մնայուն եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ ենք, Հայաստանի ղեկավարութեան մէջ որեւէ հարց չկայ Ռուսիոյ կողմէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները կատարելու որակին վերաբերեալ». յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց,թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ողբերգական բնոյթ ունին եւ ինք մտահոգուած է հետագայ զարգացումներով:
« Ե’ւ Ազրպէյճանը, ե’ւ Հայաստանը,Ղարաբաղը տարածքներ են, ուր մեզի օտար մարդիկ չեն ապրիր: Բաւական է նշել, որ Ռուսիոյ մէջ կը բնակին շուրջ երկու միլիոն ազերի եւ մեր հաշուարկներով աւելիք քան երկու միլիոն հայ: Ռուսիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներ սերտ, բարեկամական, անգամ ազգակցական կապեր ունին երկու հանրապետութիւններուն մէջ». յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը: