ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Գլխաւոր դատախազութիւնը ստացած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի վերաբերեալ «Ռ. Քոչարեանը եւ միւսները» գործով վերաքննիչ դատարանի 18 Յունիս 2020-ի որոշումին դէմ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի եւ տուժողներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Քոչարեանի պաշտպանին` շուրջ մէկ տարի առաջ ներկայացուցած բողոքներուն վերաբերեալ Վճռաբեկ դատարանի 30 Յուլիսի որոշումը:
Յիշեցնենք, որ վերաքննիչ քրէական դատարանը իր 18 Յունիս 2020-ի որոշումով բաւարարած էր Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքը՝ մասնակիօրէն բեկանելով եւ փոխելով առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, եւ, վերցնելով Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց՝ բանտարկութիւնը, անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրած էր գրաւը` 2 միլիառ դրամի չափով:
Գլխաւոր դատախազը իր բողոքով Վճռաբեկ դատարանէն հայցած էր Քոչարեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց գրաւ կիրառելու մասով բեկանել վերաքննիչ դատարանի այդ որոշումը, եւ անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրառել բանտարկութիւնը:
«Վճռաբեկ դատարանը գտել է, որ Ռ. Քոչարեանին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1-րդ յօդուածի 1-ի մասով մեղսագրուող արարքների բնոյթն ու վտանգաւորութեան աստիճանը, ակնկալուող պատժի խստութիւնը, ենթադրեալ յանցաւոր արարքները յանցակիցների ներգրաւմամբ կատարելը, ովքեր զբաղեցնում էին պետական բարձր պաշտօններ եւ ամբաստանեալից գտնւում էին ծառայողական կախուածութեան մէջ, դատավարութեան մասնակիցների աննախադէպ մեծ քանակը, ինչպէս նաեւ ի սկզբանէ ենթադրեալ յանցաւոր արարքները դրանք թաքցնելուն ուղղուած գործողութիւններով զուգակցելը եւ գործի բուն քննութեան ընթացքում նոյնպէս դատավարութեան մասնակիցների նկատմամբ անօրինական ազդեցութիւն գործադրելու մասին վկայող տուեալների առկայութիւնն առանցքային նշանակութիւն ունեն եւ հանդիսանում են այնպիսի գործօններ, որոնք էականօրէն բարձրացնում են գործի քննութեանը խոչընդոտելու հաւանականութեան ռիսկը, յատկապէս դատավարութեան տուեալ պահին, երբ գործը դատաքննութեան փուլ դեռեւս չէր անցել եւ որեւէ ապացոյց դեռեւս չէր հետազօտուել», կը նշուի դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Վճռաբեկ դատարանը, ըստ այնմ, անընդունելի կը համարէ Վերաքննիչի այն դիրքորոշումը, թէ Քոչարեանի կողմէ հնարաւոր ոչ-իրաւաչափ վարքագիծ դրսեւորելու վտանգը այնքան նուազած է, որ կարելի չէ բանտարկութիւնը այլեւս իբրեւ խափանման միջոց նկատի ունենալ: