ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
«Դերասանութիւնը գեղեցիկ է բեմի վրայ, ուր խաղում են,
բայց գարշելի է կեանքում, ուր ապրում են»:
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Թէեւ Թումանեան իր խօսքին մէջ շեշտը կ՛ուզէ դնել երկրորդ բաժինին վրայ` զգալով անկեղծութեան մեծ կարիք ու կարօտ մը եւ բացայայտելով կեանքին մէջ գարշելի ու զզուելի դերասանութիւնը, որ մարդիկ կ՛ընեն` շահագործելով այլոց բարեացակամութիւնը, եւ ան մարդու հոգիին աւելի մօտիկ եւ աւելի մեծ իրականութիւն մը բացայայտելով անուղղակի ձեւով վարագոյր մը կը քաշէ իր խօսքին առաջին բաժինին վրայ, սակայն ես այսօր վար պիտի առնեմ այդ վարագոյրը եւ խօսիմ ձեզի Պէյրութի մէջ բեմի մը, դերասանութեան մը եւ գեղեցկութեան մը մասին:
Այո՛, երբ խօսինք թատրոնի մասին, գեղեցիկ է դերասանութի՛ւնը բեմի՛ն վրայ, եւ ինչ որ գեղեցիկ չէ՛ բեմին վրայ, դերասանութիւն չէ, այլ ճապաղութիւն, անտեղի հռետորութիւն կամ կապկում: Բեմին վրայի դերասանը, իր ունեցած կերպարին տարազը հագուելէն աւելի պէտք է տարազաւորէ իր հոգի՛ն անոր հոգիով, իւրացնէ զայն եւ բեմին վրայ պահ մը պէտք է մոռնայ իր հոգին. աւելի ճիշդը` բացայայտէ անկէ միայն այն բաժինը, որ համահունչ է եւ գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մը կը ստեղծէ իր կերպարի տեսակին ու հոգիին հետ:
Ամիսներէ ի վեր Լիբանանի տարբեր բեմերուն վրայ թատրոններ կը ներկայացուին` զաւեշտներ, թատերգութիւններ ու մենակատարութիւններ, որոնք յաճախ ընկերային ներկայ կեանքը կը շօշափէին եւ քայլ մը աւելի կը մօտեցնէին մարդուս իրականութեան` անոր համար ընկալելի եւ դիւրամարս ոճ մը որդեգրելով ու բեմը օգտագործելով: Եւ այդ չէ՞ միթէ թատրոնի պարտականութիւններէն մէկը…
Երկար դադարէ եւ համեմատական լռութենէ մը ետք, ի վերջոյ, լիբանանահայութիւնն ալ իր ըսելիքը պէտք էր ունենար, մշակութային այս շարժումին ու զարթօնքին մէջ իր ներդրումը բերէր, լուման տրամադրէր, գաղութին ներուժը արուեստով արտայայտէր:
Երեք տարուան թատերական ամլութեան շրջանէ մը ետք, լիբանանահայ թատրոնը բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, յաջորդաբար շաբաթ, 19 եւ կիրակի, 20 նոյեմբերին: Այս մէկը կու գայ ամիսներու աշխատանքէ ետք եւ թատերախումբը կրկին անգամ բեմ բարձրացնելու վճռական որոշումը տալու յանձնառութեան շնորհիւ:
«Վտանգաւոր, բայց… կայուն» անունով զաւեշտը, զոր թատերախումբը ներկայացուց, մերօրեայ ֆրանսացի թատերագիր Ժան-Փիեռ Մարթինեզի հեղինակութեամբ է: Զաւեշտը կատակերգական ոճով կը ներկայացնէ դրամատան մը կողոպուտէ ետք խնդրոյ առարկային արկածի հանդիպելով, հիւանդանոցին մէջ վիճակը անոր «հարազատներ»-ուն, որոնք իրենց «դժբախտութեան» մէջ այս կամ այն ձեւով առիթ կ՛որոնեն կորզելու համար արկածէն ետք տակաւին չյայտնուած «աւար»-ը:
Տասնամեակներու վաստակ ունեցող այս թատերախումբը, հակառակ բազմաթիւ դերասաններու եւ վաստակաւոր արուեստագէտներու երկրէն հեռանալուն, այս անգամ եւս նոր արեամբ ներարկուած էր: Եւ շնորհիւ իր փորձառութեան ու այնտեղ տիրող մտայնութեան, կրցած էր փայլք տալ երիտասարդ դէմքերու ձիրքերուն ու բեմ բարձրացնել զանոնք արժանավայել կերպով: Բեմին վրայ իրենց կշիռը ունէին տարիներու վաստակ ունեցող դերասաններ, որոնց անունները տարիներու ընթացքին ձեւով մը շաղկապուած են թատերախումբին անուան հետ: Անոնք բեմին վրայ ձեւով մը կը ներկայացնէին հինն ու նորը, եթէ հանդիսատեսը պահ մը թատերգութենէն քայլ մը անդին մտածելու ըլլար: Այնտեղ էին Զաւէն Պաաքլինին, Ժանօ Պեքերէճեանը, Անի Պարիկեանը, Վարդան Ազնաւուրեանը, Դալար Արսլանեանն ու Նարէ Քիւրքճեանը, որոնք մէկուքառորդ ժամուան տեւողութեամբ յաջողեցան հանդիսատեսին ուշադրութիւնը շեղել եւ միանգամայն գրաւել զայն:
Եթէ խօսելու ըլլանք բովանդակութեան մասին, ապա կը տեսնենք, որ ընտրուած թատրերգութեան կտորը, զաւեշտ ըլլալով, թէեւ կոթողային ու բեմագրութեամբ ինքնին այնքան ալ լիահագագ ծիծաղ ստեղծող, կամ հեռուները մտածել տուող կտոր մը չէր (թէեւ այդ ալ կարելի է եթէ ուզենք), ու գրեթէ չկային սրամիտ կատակներ, սակայն լիբանանահայ կեանքին հետ զայն առնչելու փորձերը, դերասաններու հմտութիւնը, անոնց շարժուձեւերն ու նայուածքները ճոխութիւն մը տուած էին անոր: Բան մը, որ յատուկ է թատրոնին եւ իր առաքելութեան:
Բեմը կոկիկ ներկայութիւն մըն էր, հարազատ էր ներկայացման միջավայրին եւ օժտուած պէտք եղած սարքերով` հեռու աղքատիկ վիճակէ, թափթփածութենէ կամ նոյնիսկ աւելորդ խճողուածութենէ: Այնտեղ պատկերուած էր հիւանդանոցի սենեակներէն մին, ուր պառկած էր «խնդրոյ առարկան», որուն շուրջ կը դառնար ամբողջ անցուդարձը:
Շատ հաւանաբար ստած, մեր աչքերը իրականութեան դէմ փակած, կամ «դասական» ձեւով ներկայացուցած պիտի ըլլանք, եթէ ըսենք, որ երկու օրերուն ալ «սրահին մէջ նստելու տեղ չկար»: Կար տեղ: Կային ազատ աթոռներ: Սակայն կար նաեւ ժողովուրդ մը, հոծ բազմութիւն մը, որ թատրոնի առաքելութեան կը հաւատար: Այդ ժողովուրդը եկաւ քաջալեր հանդիսանալու, պահ մը նաեւ անջատուելու իր առօրեայէն ու կրկին վերապրելու անցեալը` ապագային նմանօրինակ ձեռնարկներու ահագնութիւնը տեսնելու յոյսով: Որքանո՞վ վերապրեցաւ, որքանո՞վ գոհացաւ. Վստահ իւրաքանչիւրը իր դիտանկիւնէն ու ընկալումէն պիտի դատէ այդ մէկը, սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն, որ «Դերասանութիւնը գեղեցիկ է (ե՛ւ էր) բեմին վրայ»:
Թատերախումբը մօտ օրէն կը մեկնի Կիպրոս` այնտեղ եւս ելոյթ ունենալու համար:
Շնորհակալութեան խօսք` աշխատակազմին, վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժին մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկը յաջողցնելու:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Օ՛ն, յաջորդի՛ն: