ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Երեքշաբթի օր, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը:
Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակը, տարածաշրջանային ծրագիրներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցերը ու եռակողմ ռազմական համագործակցութիւնը շարունակելու հեռանկարները։
Նաեւ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները երկկողմ համագործակցութեան համաձայյնագիր մը ստորագրեցին:
Նախօրէին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ քննարկած էր պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը եւ տարածաշրջանի ապահովութեան սպառնալիքները:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը, յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հաղորդեց, թէ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ շաբաթասկիզբը սկսան «Իթըրնիթի-2021» համակարգչային աջակցութեամբ կատարուող հրամանատարական ու սպայակոյտերու ռազմափորձերը` Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն եւ Վրաստանէն զինուորականներու մասնակցութեամբ:
Ռազմափորձերուն ընթացքին, որոնք բաղկացած են տեսաբանական եւ գործնական հատուածներէ, երեք երկիրներու զինուորականները պիտի կեդրոնանան շրջանային տնտեսական նախագիծերու պաշտպանութեան կազմակերպման ջանքերուն վրայ: Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 8: