Տաթեւիկ Յովհաննիսեան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1970-ականներուն Պետական ճազային նուագախումբի կազմին հետ` լուսահոգի Կոնստանտին Օրբէլեանի ղեկավարութամբ: Երաժշտական քննադատները հինգ տարի անընդմէջ անոր կը համարէին Խորհրդային Միութեան լաւագոյն ճազ – երգչուհի` «Ճազի թագուհի», անոր մասին կ’ըսէին` «Էլլան Երեւանից»` նկատի ունենալով ճազային երգչուհի Էլլա Ֆիչերալտին:
Այժմ իրական հեղինակաւոր երգչուհին իր հայրենիքի մէջ է, կը վայելէ, ինչպէս ինքը կ’ըսէ, Հայաստանի տաք ամառը եւ մարդոց անկեղծ հիւրընկալութիւնը, կը պատրաստուի մենահամերգներով հանդէս գալու Երեւանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Իսկ մենք չէինք կրնար կորսնցնել այս կարեւոր պահը եւ հարցազրոյցի խնդրանքով չդիմել իրեն…հոգաչափ շնորհակալ ենք տիկին Տաթեւիկին` գերհագեցած ժամանակացոյցէն ժամանակ տրամադրելու եւ մեզի հետ հետաքրքիր, ջերմ ու անկեղծ մթնոլորտի մէջ զրուցելու համար: Զրոյցին ընթացքին հասկցայ, որ իրական երգչուհին հէնց այսպիսին կ’ըլլայ` սրտաբաց, մտերմիկ, առանց ցուցաբերած որեւէ աւելորդութիւններու:
ՏԱԹԵՒԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ բացառիկ հարցազրոյցը յատուկ «Հայերն Այսօրի» համար:
-Տիկի՛ն Տաթեւիկ, եօթ տարուան ընդմիջումէն ետք գալով Հայաստան` այս անգամ Հայաստան ի՞նչ գոյներու մէջ բացայայտեցիք :
-Անկեղծ ըսեմ` զբաղուածութեան պատճառով դեռ չեմ հասցուցած լիովին վայելել Հայաստան աշխարհը, բայց այնքա῀ն ժպիտներով ու ջերմութեամբ շրջապատուած եմ այստեղ. բոլորին կողմէ սրտաբաց ընդունելութեան կ’արժանանամ: Կը վայելեմ նաեւ Հայաստանիս տաք ամառը, որ շատ հաճելի է ինծի համար:
-Այստեղ կա՞ն վայրեր, ուր միշտ կը փափաքիք այցելել:
-Նախ ըսեմ` անհամբերութեամբ կը սպասեմ, թէ երբ պիտի աւարտեն ելոյթներս, որ տեսնեմ քաղցր Հայաստանիս ամէն մէկ անկիւնը: Շատ-շատ կը սիրեմ բնութիւնը: Հայաստանեան բնութիւնը պարզապէս չնաշխարհիկ է: Անպայման պիտի նստիմ սարերու մէջ, լսելու սարերու լռութիւնը եւ շնչելու թարմ օդն ու խոտի բոյրը: Կը սիրեմ այցելել նաեւ մեր հայկական հին եկեղեցիները եւ միւս պատմամշակութային վայրերը:
-Հայերէնի մէջ Ձեր սիրած բառը ո՞րն է:
-Երեւակայեցէք, չունիմ առանձնացուած որեւէ բառ: Բայց յաճախ կ’օգտագործեմ «ջան» բառը, որ, ի հարկէ, մեր բառապաշարէն չէ: Այն խօսքին քնքշութիւն եւ բարութիւն կը հաղորդէ, անգամ վէճերու ժամանակ այդ բառը կ’օգտագործեմ:
-Ձեր դիտարկմամբ սփիւռքի մեր հայրենակիցները որքանո՞վ կառչած են Հայաստանին, հայ մշակոյթին, արուեստին:
-Որքան նկատած եմ, դուրսի հայերու մօտ հայրենիքի հանդէպ ուժգին սէր ունին: Նիւ Եորքի մէջ եւս նկատելի է: Ատիկա, անշուշտ, այն պատճառով է, որ հեռու կը գտնուին իրենց բնօրրանէն: Անոնք Հայաստանը սրբավայրի պէս կ’ընկալեն: Կը փորձեն ատամներով պաշտպանել եւ օգնել Հայաստանին: Իսկ հայ մշակոյթի, արուեստի հանդէպ աննկարագրելի ուշադրութիւն կը դրսեւորեն:
–Հետաքրքիր է` յիշողութեան ի՞նչ դրուագներ կան պահպանուած Ձեր մանկութենէն: Ինչպիսի՞ երեխայ եղած էք:
-Ամէն ինչ կը յիշեմ: Շատ աշխոյժ, չարաճճի, եռանդով լեցուն երեխայ եղած եմ: Այսպէս ըսեմ` «տղայական» խաղեր շատ խաղցած եմ, նոյնիսկ ֆութպոլ: Յիշողութեանս մէջ ամուր դաջուած են իմ բակը եւ բակային խաղերը: Շէնքը, ճիշդ է, կը պահպանուի այժմ, բայց բոլորովին այլ բնակիչներով: Այն կը գտնուէր Գեղարուեստական ինստիտուտի կողքին եւ կը կոչուէր արուեստագէտներու շէնք, ուր կ’ապրէր ժամանակի թատերաշխարհը` նկարիչներ, գրողներ, երգիչներ, դերասաններ, պարողներ եւ այլն: Շէնքի երեխաներով բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը կազմակերպէինք, համերգային ծրագիրներ եւ ներկայացումներ կը պատրաստէինք: Կը յիշեմ` տոմսի փոխարէն թուղթեր կը պատռէինք, գեղեցիկ ձեւաւորելով կը բաժնէինք շէնքի «հանդիսատեսին», իսկ անոնք կու գային, կը նստէին մուտքի աստիճաններուն եւ կը լսէին մեր ելոյթները:Այս ամէնը ինծի համար հիմա վերին աստիճանի հաճելի, յուզումով լեցուն յիշողութիւններ են:
–Ձեր մայրիկէն` հայ ազգի պարծանք Օֆելեայ Համբարձումեանէն, ստացած ամենաթանկ խորհուրդը ո՞րն է:
-Մայրս միշտ ըսած է, որ հաւատարիմ մնամ հայրենիքիս, ժողովրդականին, որ ատիկա է կարեւորը: Ճիշդ է, ճազի ուղղութեամբ գացի, բայց ան միշտ ընդունած է իմ գործունէութիւնը, քաջալերած եւ ամուր ժայռի պէս կողքիս եղած: Հիմա յստակ կրնամ ըսել, որ իրմէ ազդուած, կրթուած, անոր ամբողջ դաստիարակութիւնը վերցուցած մէկն եմ:
-Իսկ Ձեր առջեւ ծառացած ստեղծագործական խնդիրները հե՞շտութեամբ կը յաղթահարէք:
-Ի հարկէ, ունեցած եմ դժուարութիւններ: Ըլլալով արուեստի աշխարհի մէջ` կը նշանակէ ամէն բանի համար միշտ պայքարի մէջ գտնուիլ, իսկ այդ պայքարն ալ արուեստագէտի համար կը դառնայ իր կեանքի մէկ մասը: Եթէ նոյնիսկ կոտրէ քեզ, խոչընդոտներու հանդիպիս պայքարիդ ճանապարհին, պէտք չէ նոյն տեղը կանգնած մնալ, այլ բռնած ուղիդ պէտք է շարունակես: Ատիկա′ է իմ բանաձեւը…
-Տիկի՛ն Տաթեւիկ, ի՞նչ կը պակսի այսօր Հայաստանին:
-Ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ ամբողջ աշխարհին կը պակսի միասնական եւ համախմբուած ըլլալը, եւ, որն ամենակարեւորն է, մարդիկ թող սիրեն իրար, անկեղծ սիրեն:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի