Խոստումներու պէս առատ,
Խոստումներու պէս քնքոյշ,
Կ՛ուզեմ տաղերս ըլլան
Երգ ու նուագ սիրայուշ …
Կ՛ուզեմ խազերը հասնին
Բիւր աստղերուն հեռաւոր՝
Ու թովչանքով մը աղուոր
Փարտեն աչքեր մենաւոր …
Յետոյ թռչին թեւանցուկ
Սիրածներուս ժպիտով՝
Ու հեշտաբար տարածուին
Վրան ամէն ամէն ծաղիկի
Որ խայտալով կը խամրի …
Իմ քերթողի այս խնդուն
Պարտէզներուն ցուց տաղի՝
Կ՛ուզեմ բոլո՜ր այդ բոլոր
Սիրածներս հոգեթով
Գան ոսկեգոյն քթոցով,
Ու հրճուանքով մը խայծող
Ցնծաքաղով մ՛այգաշէն՝
Շաղակրատեն թռչկոտին
Թիթեռներուս հետ ծիծղուն,
Ու երբ երթա՜ն, հեռանան,
Կ՛ուզեմ բնաւ չգիտնան
Որ այդ կայթէն գեղեցիկ՝
Ոչ ֆռֆռիկ ոչ ալ սին
Թրթռումներ կը մնան …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան