Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Տարակարծութիւնները Հարթելէ Առաջ Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելը Պիտի Բարդացնէ Հարցերը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

December 17, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati Again Says Won’t Convene Cabinet without Prior Agreement

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աունի կողմէ հրաւիրուած կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւի գործադրութեան աշխատանքները դիւրացնող յանձնախումբի ժողովին:

Ժողովին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորէն պահանջուած է վերջ տալ այն տեսակէտին, թէ կառավարութիւնը քաղաքական պարանաձգութեան պատնէշն է:

«Ճիշդ է, որ կառավարութեան աշխատանքը կը շարունակուի նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն եւ նախարարութիւններուն աշխատանքներուն ընդմէջէն, սակայն նախարարաց խորհուրդի ժողովներու բացակայութիւնը կը նկատուի հիմնական բացթողում, որուն լուծման համար հանդարտօրէն կ՛աշխատինք», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ նման լարուած պայմաններու մէջ, երբ տարակարծութիւնները լուծելու նուազագոյն համաձայնութիւնն իսկ չէ ապահովուած, կարելի չէ կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրել, որովհետեւ այլապէս հարցերը աւելի պիտի բարդանան:

«Երկիրը փուլ կու գայ եւ բոլորին միասնականութեան կարիք ունի: Ներկայ ժամանակաշրջանը անյարմար է կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու կամ պայմաններ ու նախապայմաններ պարտադրելու», շեշտեց վարչապետ Միքաթի:

Ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի բարելաւելու երկրին ապրուստի եւ ընկերային պայմանները` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ խօսքի ազատութիւնը յարգելու սկզբունքին եւ ոչ մէկ իմաստով կրնայ դէպի արաբական երկիրներ չարիք հասցնելու անցքի վերածուիլ:

Իր կարգին, Քլոտին Աուն նշեց, որ մօտ է այն օրը, երբ լիբանանցի կինը լիիրաւ քաղաքացիի նման իսկական գործընկեր պիտի ըլլայ երկրին վերաբերող որոշումներ տալու:

Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ գնահատեց կնոջ, խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւի գործադրութեան միտող աշխատանքային ծրագիրի մը մշակումը, եւ հաստատեց, որ կը քաջալերէ կառավարութիւնը` գործադրելու այդ ծրագիրը` երաշխաւորելու համար քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ աշխուժ դերակատարութիւնը եւ որոշումներ կայացնող դահլիճներու մէջ անոր ներկայութիւնը:

Ժողովէն ետք վարչապետ Միքաթի նախագահեց նախարարական խորհրդակցական հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս, զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսար, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան:

Previous Post

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Next Post

«Լիբանան Միջազգային Ընտանիքին Յաւելեալ Օժանդակութեան Կարիք Ունի` Դիմագրաւելու Տնտեսական Տագնապը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.