Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տարբեր Կաղանդ Մը

January 11, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Զառիվայր
Սօսի  Հաճեան
-Մա՛մ, ինչպէ՞ս ես, լա՞ւ ես, եթէ գործի վրայ ես, չխանգարեմ քեզի:
Աղջկան հեռաձայնային խօսակցութեան այս նախաբանը քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ Մելինէին,երբ գիշերը միասին պիտի դիմաւորէին Նոր Տարին իրենց տան մէջ:
-Նայէ,՛ կ’ուզէի ըսել քեզի որ մենք այսօր միասին պիտի չկարենանք տօնել Կաղանդը: Երէկ իրիկուն Վաչէն, երբ գործէն վերադարձաւ, շատ անհանգիստ կը զգար.յոգնածութիւն , գլխու ցաւ եւ տաքութիւն. բժիշկը Քովիտ ժահրի յատուկ քննութիւն մը ըրաւ եւ այս առտու արդիւնքը տուին. Վաչէն ալ վարակուած է համաճարակով: Անանկ որ մեզմէ մէկը դուրս պէտք չէ ելլէ, ոչ ալ դուրսէն մէկը մեր տունը մտնէ մէկ շաբաթ.շատ կը ցաւիմ, բայց մեր կամքէն անկախ եղաւ:
Մելինէ հանդարտեցուց աղջիկը, պէտք չկար իրար անցնելու, ոչ ալ այդ մասին մտահոգուելու: Այս տարի ալ, ամանորի գիշերը միւս օրերուն նման թող անցընէր ինք:
Ընթացիկ տարուան մէջ, հիմնական փոփոխութիւններ կատարուեցան իր կեանքին մէջ:
Տարեսկիզբին զաւակներուն պնդումին վրայ իր տունը, ուր կէս դար ապրած էր եւ իր երեք զաւակները մեծցուցած. ծախու դրաւ: Ընդարձակ տուն մը, մեծ բակով, խոշոր թաղարներ շարուած չորս կողմերը զանազան բոյսերով, ծաղիկներով, ուր երեկոները ինք եւ ամուսինը սուրճ կը խմէին , մինչ փոքրիկները ետեւը պարտէզին մէջ կը խաղային:Ունէին նաեւ վանդակ մը, գեղեցիկ սոխակով մը, որ առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը դայլայլէր, կը շէնցնէր տունը:
Եւ հիմա փոխադրուած էր այս յարկաբաժինը, որ իր տան հազիւ մէկ քառորդն էր, ութերորդ յարկին վրայ, երբ պատշգամ ելլէր, ամբողջ թաղամասը իր աչքին առջեւ կը տարածուէր:
Մելինէ հանդուրժողական ոգիով օժտուած կին մընէր, որ յաջողած էր պատշաճիլ կեանքի վերիվայրումներուն, առանց վլվլուք բարձրացնելու, առանց աղմուկ յարուցանելու, առանց ակնկալելու, որ շուրջինները իրեն նեցուկ կանգնէին, կը փորձէր ինքնաբաւ ըլլալ: Բազմամարդ տունէն, հիմա միս մինակ մնացած էր, նոյնիսկ իր կատուն եւ թռչունը զինք լքած էին: Աւելի ճիշդ՝ ինք էր որ զանոնք լքած էր, աղջկան տալով երկուքն ալ:
Բայց ողբերգութիւն չէր ապրեր.գիտէր որ կեանքը միշտ յարափոփոխ է.ինչպէս կ’ըսէ առածը«մարդ երկու անգամ նոյն գետին մէջ չի մտներր.ջուրը միշտ կը հոսի, կը փոխուի» եւ ինչպէս, որ գրկաբաց կ’ընդունինք ուրախառիթ պահերը, յաջողութիւնը, բարիքները, պէտք է նոյն ճկունութիւնը ցոյց տանք նաեւ անհաճոյ կամ բացասական անակնկալներու պարագային.եւ թոյլ չտանք, որ զգացական տրամադրութիւնը գերակայէ ուղեղին, այլ պաղարիւնութեամբ դիմագրաւենք զանոնք եւ լուծում փնտռենք.Տասնաբանեայ պատուիրաններու նման, յաճախ կը կրկնէր ինք իրեն, նեղ վայրկեաններուն:
Կարծես այս նոր բնակարանին մէջ, ձախ ոտքով մուտք գործած էր: Հազիւ փոխադրուած, երկու ամիս յետոյ տարածուող համաճարակին պատճառով՝ բնակիչներուն մեկուսացում եւ քիթն ու բերանը ծածկող դիմակ գործածել պարտադրեցին. որոշ տարիքէ մը վեր եղող անձերուն թելադրեցին տունէն չուրս չելլել:
Առաջին Նոր տարին էր, որ պիտի դիմաւորէր այս տան մէջ. ան ալ ձախողութեան մատնուեցաւ:
Մէկ շաբաթ առաջ, օտարութեան մէջ ապրող մեծ աղջիկը, որ իր ամուսնին եւ զաւակներուն հետ պիտի գար,մօրը եւ քոյրերուն հետ տօնելու համար Կաղանդն ու Ծնունդը, ճիշդ այդ օրերուն, իրենց երկրի օդակայանները փակուեցան եւ թռիչքները արգիլուեցան: Համաշխարհային պատիժ մըն էր այս հիւանդութիւնը, որ իր քմահաճոյքին ենթարկած էր ամբողջ մարդկութիւնը:
Ինք այս տօնական օրերուն առիթով, համադամ կերակուրներ եւ անուշեղէններ պատրաստած էր, նուէրներ գնած: «Հոգ չէ» մտածեց «սառնարանին մէջ կը պահեմ օր մը կ’ուտենք. նուէրներն ալ ուրիշ ատեն կու տամ»:
Երեկոյ էր.արդէն հատուկենտ վաճառատուները, ուտեստեղէնի յատուկ խանութները իրենց փեղկերը վար առած էին, փողոցները գրեթէ ամայի էին: Ամրան տաքը եւ խոնաւութիւնը օդը անշնչելի կը դարձնէին: Խոհանոց գնաց եւ երկու պատառ իր եփած պանիրով խմորեղէնէն բերանը դրաւ պարտականութեան պէս: Ապա սուրճ եփեց եւ հեռատեսիլին առջեւ նստաւ տարեվերջի լուրերը մտիկ ընելու, որոնք դրական ոչինչ ունէին. գլխաւոր օրակարգը համաճարակն էր եւ անոր հետեւանքները. նախընտրեց հետաքրքրական ժապաւէն մը դիտել, որ միտքը ցրուէր քիչ մը:
Անցնող ժամերուն հետ, երբ մթնշաղը պատեց քաղաքը, իր ենթադրեալ հանդարտութիւնը սկսաւ ցնդիլ. զգաց իր առանձնութիւնը. այս տունը, իր տունը չէր առժամեայ օթեւան մըն էր միայն, ուր մետաղն ու ապակին կը գերակշռէին. պաղ, անհաղորդ, ջերմութենէ զուրկ. պատմութիւն, անցեալ չունէր:
Իրենց հին տան իւրայատուկ բուրմունքը կը զգար ռունգերուն մէջ, խոհանոցին համեմները, իրենց պարտէզէն քաղուած թարմ ծաղիկներուն բոյրը, փռուած հագուստներուն անուշ հոտը,Կիրակի օրեր խորոված պատրաստելու համար, այրող ածուխին հոտը, ամէն անկիւն քաղցր յիշատակ մը պահուած էր. նոյնիսկ բակին մաշած քարերը ապրուած ըլլալու դրոշմը կը կրէին, պատերն ի վեր մագլցող խոշոր կանաչ տերեւները, մտերմիկ զգացում մը կ’արթնցնէին. այս բոլորը իրարու միախառնուած` կ’ամբողջացնէին իրենց ընտանեկան օճախը և կ’արտացոլէին սիրոյ և ներդաշնակութեան պատկերը:
Սակայն վերջին տարիներուն թաղամասին դիմագիծը սկսած էր փոխուիլ, սահմանակից երկիրներէ եկող գաղթականներ, որոնց սպաներէնի շեշտէն յայտնի էր, որ տեղացի չէին, օրէ օր աւելի կը բազմանային : Անոնցմէ մի քանի փողոցային ստահակներ, որոնք սուր հոտառութիւն ունէին, եւ ուշի ուշով կը հետեւէին շրջանի բնակիչներու շարժումներուն, հասկցած էին, որ ինք մինակ կ’ապրէր եւ անգամ մըն ալ տեսնելով, որ ծանր պայուսակ մը շալկած՝ կը դժուարանար քալելու , անոնցմէ մէկը ուզած էր օգնել եւ ընկերակցած էր իրեն, պայուսակը մինչեւ խոհանոց տանելով, եւ միաժամանակ զննելով չորս դին:
Մի քանի շաբաթ յետոյ, գիշեր մը փորձած էին մուտքի դուռը կոտրել եւ տուն մտնել, գողնալ պահուած գոհարեղէնները եւ դրամը: Սակայն իր զաւակները խոհեմութիւնը ունեցած էին, ահազանգ մը դնելու փողոցի դրան վրայ, որ անմիջապէս սկսաւ սուլել եւ այդ ձեւով Մելինէ փրկուեցաւ լուրջ վտանգէ մը:
Բայց ապահովութեան համար, պէտք է ելլէր տունէն եւ իր զաւակներուն աւելի մօտ բնակարան մը փոխադրուէր:
Լաւ, հիմա պէտք չկար աւելորդ յուզականութեան.ընդհակառակը`պէտք է նայեր ներկայ իրավիճակի դրական երեսին: Հոս աւելի ապահով էր, նուազ կ’աշխատէր, վերջին նորոյթի խոհանոցային սարքեր ունէր, օդաւէտ, լուսաւոր յարկաբաժին մըն էր: Քանիներ պիտի փափաքէին նման հանգստաւէտ տան մը մէջ բնակիլ:
Բնական էր, որ տարուան վերջին օրը անցեալի յուշեր տողանցէին :Աչքերէն հոսող արցունքները սրբեց եւ սուրճ մը եւս խմեց:
Եւ ահա յանկարծ՝ Ֆրանսայէն իր մեծ աղջիկը իմացուց, որ համակարգիչով պիտի կապուի:
Օ՜հ ինչ ուրախութիւն, զիրար տեսան, խօսեցան, ինք, ամուսինը, թոռնիկները որքան մեծցած էին, Նոր տարին շնորհաւորեցին, օդային համբոյրներ ղրկեցին իրարու եւ իր տրամադրութիւնը փոխուեցաւ. մեծ աղջիկը ուզեց մօրը տունը տեսնել, եւ Մելինէն տեսախցիկով ցոյց տուաւ: Շուրջ մէկ ժամ խօսեցան եւ յագեցան իրարմէ:
Յետոյ միւս աղջիկը հեռաձայնեց. ան ալ բջիջայինով կապուեցաւ, տրամադրութիւնը լաւ էր, ամուսնին առողջութիւնը բարելաւուած էր, հաւանաբար Ծնունդը միասին անցընէին:
Լաւ, այս տարի ալ իւրայատուկ Նոր տարի մը տօնեցի, մտածեց Մելինէ. Եւ ժամը տասներկուքին՝ բաւական չարչարուելէ յետոյ, կրցաւ շամփայնին շիշը բանալ,եւ մի քանի բաժակ իր, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն կենացը խմեց. խմիչքը շատ համով էր եւ ախորժաբեր.այդպէս ալ իր հրաշքը գործեց: Կէսժամ չանցած՝ Մելինէ օրօրուելով, շորորուելով,հազիւ հասաւ ննջասենակ եւ հագուստով, կօշիկով անկողինին վրայ փռուեցաւ::
Ընտանեկան հաւաքոյթներու ատեն, երբ ամուսնին պնդումին տեղի տալով, մէկ երկու գաւաթ գինի կոնծէր, խմիչքը անմիջապէս իր ազդեցութիւնը կ’ունենար. այն ատեն ամուսինը քահ քահ մը կը բռցնէր, զինք կը քաշքշէր, եւ թրքախառն հայերէնով կ’աւելցնէր. «տահա չվարժուեցա՞ր կնիկ,կէնէ սարխոշցա՞ր,հը՞ քէտի սիրքէ իչտի»: “Կատուն քացախ խմեց»:
Նոր տարի, նոր օր, նոր եւ բարի ակնկալութիւններու ցանկութիւնները կուրծքին մէջ գուրգուրանքով պահած՝Մելինէ անտանելի խռկոցներ արձակելով խոր քունի մէջ մտած էր:
Previous Post

Հայուն Եւ Լիբանանահայուն Համար Նուիրուած Կեանք Մը

Next Post

Making waves: the female surfer smashing records and stereotypes

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.