Գրեց՝ Ալպէր Մինասեան
Այս համեստ գրութիւնս առանց գովասանքի, այլ ողջախոհ դատումներով պիտի ուզէի արժեւորել:
21 Սեպտեմբեր 2020-ին, radioayk առցանց ձայնասփիւռի կայանը կը լրացնէ իր հիմնադրութեան 9-րդ տարեդարձը: Radioayk-ի առցանց կայանն ու կայքէջը՝ www.radioayk.com Ռատիօ ԱՅԳ-ը հիմնուած են համեստ եւ ազնուական հայուհի Մանկասարեան Շաքէ Կրոկընի նախաձեռնութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ շուրջօրեայ քսանչորս ժամ սփռումով: Անցնող ինը տարիներուն, կազմակերպած է սքայբի վրայ LIVE հանդիպումներ, պատմական դասախօսութիւններ, հոգեւոր զրոյցներ, մրցոյթներ: Պատրաստած է ու բաժնած երգարաններ, կազմակերպած է շրջապտոյտներ դէպի Հայաստան եւ Յունաստան: Հոս նշենք նաեւ իր ռատիօ հաղորդումներէն՝ «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, որ անշահ եւ նուիրումով կը սփռուի Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի կայանէն ամէն Կիրակի, եւ կրկնութիւնը՝ ուրիշ օր: Ան նաեւ կը պատրաստէ այդ հաղորդաշարին եւ այլ հաղորդումներուն տեսերիզները՝ հրապարակելով զանոնք You Tube, Anchor.fm Pod Cast հարթակներու վրայ:
Իսկ ընկերային ցանցի՝ դիմատետրի Ayk Page-ով, կու գայ մեզի ծանօթացնելու հայկական տաղանդներու, որոնք յաճախ կորսուած են մոռացութեան «փոշիներուն մէջ՝ անոնց տալով կեանք ու լեզու:
Լեռ աշխատանք կը կոչեն նման գործերը. այս պարագային Շաքէն առանց որեւէ ակնկալութեան եւ շահի օրն ի բուն երկար ժամեր կը տրամադրէ իրեն շատ սիրելի աշխատանքին՝ անսակարկ ծառայութիւն մատուցելով մարդկութեան եւ հայուն:
Հարկ է յիշել իր ազնուական կողակիցը՝ Անգլիացի Մարք Կրոկընը, որ թիկունքն է Շաքէի այս սխրագործութեան եւ առանց տրտունջի: Պահ մը հարց կու տամ՝ եթէ Շաքէն հայ կողակից մը ունենար, պիտի կարենար նման «գործ մը գլուխ հանել» … Ես կը կասկածիմ:
Դիմատետրի «խենթերէն» մէկը ըլլալով, իմ ազատ ժամերս կ’անցնեմ իմ բարեկամներու հետ եւ պատահաբար հանդիպեցայ իր եւ Ռատիօ Այգ էջերուն եւ ծանօթացայ իր աշխատանքի մանրամասնութիւններուն: Միայն ու միայն անշահախնդիր եւ լոկ ծառայութիւն են առանց շահոյթի, եւ հոս պիտի խոստովանիմ՝ “coup de foudre” կայծակէ զարնուածի ազդեցութեան տակ էի: Պահ մը դարձեալ հարց կու տամ՝ գլխէն մեծ գործի մը լծուած, ժամեր սպառելով շարք մը աշխատանքներով՝ արեւմտահայերէնի վերածելով հեքիաթներ, թարգմանել էջեր ի սպաս ուիքիփետիա հարթակին, պատրաստել ռատիօ հաղորդումներու տեսահոլովակները եւ զանոնք ներբեռնել Youtube, Podcast Anchor.FM: Հոս անվարան պիտի ըսեմ, որ Western Armenian Wikipedia արեւմտահայերէն բաժնի կամաւոր համադրող-խմբագիրը ըլլալով, ան կը յաւերժացնէ մեր հին ու նոր տաղանդները՝ գրականութեան, թատրոնի, երգի, քնարական-բանաստեղծական, կրթական, նկարչութեան, մամուլի եւ այլ մարզերու հայորդիներուն տալով կեանք եւ լեզու, որպէսզի գալիք սերունդները «անտեղեակ» չմնան իրենց հայկական արժէքներուն մասին: Ի տեղեկութիւն, ըսեմ որ Wikipedia-ն առցանց հանրագիտարանի հարթակ է:
Անվարան նաեւ պիտի ըսեմ, որ Շաքէին աշխատանքները հիմնուած են ճշգրիտ տուեալներու վրայ եւ վաւերագրական հաստատումներով, այնպէս ինչպէս իր խիղճն ու կամքը պիտի թելադրէր տանիլ նման առաքելութիւն մը, ծառայութիւն մը, ուր չկան նիւթական շահեր:
Կրնամ ըսել եւ բարձրաձայնել թէ շատ լուրջ եւ խստապահանջ է Շաքէն իր աշխատանքին մէջ, եւ իրեն հետ կապ պահող նոյնիսկ կամաւոր աշխատակիցներէն:
Շաքէի նման «հազուագիւտ»ներու ազգային մեծ պահանջը ունինք, մեր այս դժուար օրերուն եւ գալիք տարիներուն:
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար, Շաքէն հայաշատ Սուրիոյ Հալէպի մէջ ստացած է ուսումը՝ Հայկազեան, Քարէն Եփփէ Ճեմարան, որմէ ետք Երեւանի Համալսարան, եւ բնաւ ալ կանգ չառնելով շարունակած է իր տիպլոմ ուսումը Անգլիական Քէմպրիճ- ԱՄԷ բաժնին մէջ եւ տակաւին շատ ու շատ աշխատանոց-վարժութիւններու եւ դասնթացքներու զուգահեռ իր այս աշխատանքին եւ նոր հեռավար ուսումին, այսօր ալ ան կը շարունակէ իր պեղումները յօգուտ հայ ազգին:
Երկար տարիներ աշխատած է բարձրանիշ Ամերիկեան Ապահովագրական Ընկերութեան մէջ շնորհիւ իր տիրացած բարձր մակարդակին՝ լեզուներու հմտութեան, եւ կառավարման գիտելիքներուն, որպէս մարդուժի եւ վարչական տնօրէն:
Շաքէն քոյրն է Սեդա եւ Լուսին Մանկասարեաններուն եւ եղբօր: Շաքէին սրտի հատորն է Դրօն՝ իր քրոջ Սեդային որդին, որուն տարեդարձն է նաեւ այսօր 21 Սեպտեմբերին:
Շնորհաւոր 9-րդ տարեդարձը սիրելի ԱՅԳ առցանց ձայնասփիւռ կայանին, Դրոյին եւ մեր բոլորիս տօն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-րդ ամեակը:
Արեւշատութեան եւ բեղուն երկար տարիներու մաղթանքներս:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ